Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական տնօրէն Ալիզա Պին Նունն Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովի հետ քննարկած է իրավիճակը Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։
«Մենք բարեկամական հանդիպում ունեցանք Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ, դեսպան Էլչին Ամիրպեքովի հետ: Քննարկման ընթացքին արծարծուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հիմնական խնդիրներ, յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող իրադարձութիւններուն»,-ըսուած է հրապարակման մէջ։