image

14 Մայիսէն փուլ առ փուլ դէպի բնականոն կեանք. Փաշինեան

14 Մայիսէն փուլ առ փուլ դէպի բնականոն կեանք. Փաշինեան

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը մեզմէ կը պահանջէ վարքագիծի նոր կանոններ եւ նոր ռեֆլեքսներ: Այս մասին 17 ապրիլին, իր տեսաուղերձին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Կառավարութեան հակահամաճարակային գործողութիւնները նախնական արդիւնքներ տուած են, բայց սա պէտք չէ թուլացնէ մեր զգօնութիւնը, այլ հակառակը: Եթէ եմնք կրկնակի զգօնութիւն ցուցաբերենք, արդէն 14 մայիսէն փուլ առ փուլ կը վերադառնանք բնականոն կեանքի: Եթէ այդպէս չվարուինք, վարակը կրնայ ծաւալիլ նոր թափով եւ  յանգեցնել մարդասիրական աղէտի:

Այստեղ է, որ իմ կարգախօսը չի փոխուիր, Հայաստանի ապագան կախուած է մէկ մարդէ եւ այդ մէկ մարդը դուն ես»,-ընդգծած է Փաշինեանը: