image

Այնճարի մէջ. Պետրոս Գառնէշեանի մահը

Այնճարի մէջ. Պետրոս Գառնէշեանի մահը

 Օրերս Լիբանանի Այնճար հայկական գիւղին մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ Մուսալեռցի Պետրոս Գառնէշեանը (Ծնեալ 1942-ին)  Հանրութեան եւ համագիւղացիներուն կողմէ սիրուած Պրն. Պետրոսը ողջ կեանք մը նուիրած է իր սիրած գիւղին ու անոր հողին։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ  համացանցէն։

 Շնորհիւ իր եւ իր սերնդակիցներու ամուր բազուկներուն Այնճարը դուրս գալով ճահիճներէն դարձած է բարերբեր տարածք, իր շեշտն ու տեղն ունենալով լիբանանեան Պեքաայի ամբողջ տարածքին։

Լռակեաց, յարգալիր եւ զուարթուն Պարոն Պետրոսը ճանչցողները իրենք եւս կը վկայեն, որ ան  ամբողջական կերպարն էր գիւղին նուիրուած այն սերունդին, որոնք ամէն ճիգ ըրին, որպէսզի Այնճարը համալրէ իրենց տեսլականը ու դառնայ Մուսալերան իսկական շարունակութիւն։

 Նշենք, որ հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Երկուշաբթի 29 Ապրիլ 2024-ին կ.ե. ժամը 3։00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը։

Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ։

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ մասնաւորապէս անոր դստեր ՝ Շողեր Գառնէշեան-Մխճեանին։

 

 Աստուած հոգին լուսաւորէ։