image

Բազմավաստակ դասապետը եւ Նուիրեալ սարկաւագը. Պետրոս Սրկ. Պալպուչաքեանի մահուան քառասունքին առիթով

Բազմավաստակ դասապետը եւ Նուիրեալ սարկաւագը. Պետրոս Սրկ. Պալպուչաքեանի մահուան քառասունքին առիթով

«Մէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէ, եւ սա՛ է աղաչանքս.
Կեանքիս բոլոր օրերուն Տիրոջ տան մէջ բնակիլ,
Ըմբոշխնել Տիրոջ վայելչութիւնը,
Եւ Զի՛նք պաշտել Իր տաճարին մէջ»

Սաղմոս 27:4

Սաղմոսաց գիրքը քրիստոնեայ հաւատացեալին աղօթագիրքն է: Սաղմոսները սրտի խորերէն ուղղուած փառաբանութիւններ եւ օրհներգութիւններ են, որոնք Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան հզօր օղակը կը կազմեն: Մեր քրիստոնէական պաշտամունքին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն սաղմոսները, որովհետեւ կը վկայեն Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ խոստացուած Փրկիչին մարդեղութեան, չարչարանքներուն եւ յարութեան մասին: Հետաքրքրական է, որ Դաւիթ տակաւին  թագաւոր չեղած կ՛օրհներգէր զԱստուած եւ կը խնդրէր իր կեանքի բոլոր օրերուն (27-րդ. սաղմոս) Անոր տաճարին մէջ ապրիլ եւ վայելել Իր ներկայութիւնը:

Սաղմոսաց գիրքէն այս մէջբերումս որքան կը համընկնի իր կեանքը ամբողջութեամբ Աստուծոյ տաճարին ծառայութեան նուիրած, նուիրեալ սարկաւագ, բազմավաստակ դասապետ եւ դպրապետ Պետրոս սրկ. Պալպուչաքեանի անձին: Հաճընցի հաւատացեալ ընտանիքի մը յարկին տակ ծնունդ առած է ան եւ միշտ ինքզինք հպարտ կը զգար իր արմատներով: Ան իր ծառայութիւնը սկսած է Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ, ապա Խալիլ Պատաուիի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներուն եւ հուսկ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր աւելի քան 40 տարիներ ծառայեց: Երբ ես ալ մանկութեանս կը յաճախէի համանուն եկեղեցին, եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ լուսահոգի դպրապետիս` Գէորգ սրկ. Պէպէճեանի ոգեշնչող ձայնին կողքին, կը լսէի պարոն Պետրոսին ձայնը: Ինձմէ տարիքով մեծ սարկաւագները կը թելադրէին դպրապետին բացակայութեան պարոն Պետրոսին քով կենալ եկեղեցւոյ դասին մէջ, որովհետեւ ան ալ լաւ շարականագէտ էր եւ ճիշդ նոթաներով կ՛երգէր: Եկեղեցւոյ արարողութեան բծախնդիր էր, եւ ինչպէս ինք կը վկայէր, այս մէկը ժառանգած էր Գնէլ արք. Ճէրէճեանէն:

Պարոն Պետրոսին հոգին շատ ալեկոծեցաւ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին տեղացող ռումբերուն պատճառով իր աչքերուն առջեւ կորսնցուց իր եղբայրն ու քոյրը: Ան ընտանիք չկազմեց, սակայն եկեղեցին ու անոր անդամները դարձան իր ընտանիքը: Իր քրոջ զաւակը մնաց միայն իբրեւ ժառանգ իր ընտանիքէն, որուն հոգածութիւնն ու սէրը մասամբ սփոփեցին իր հարազատներուն կորստեան ցաւը:

Պետրոս սարկաւագին վաստակը մեծ էր Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ան դպրաց դասի փոքր անդամներու անդամահաւաք կատարեց, պատարագի եւ արեւագալի շարականներ, մարգարէութեանց ընթերցումներ սորվեցուց` առանց տատամսելու կամ դժգոհանքի: Ան ամէնօրեայ ներկայութիւն էր եկեղեցւոյ առաւօտեան  եւ շաբաթօրեայ երեկոյեան ժամերգութեանց, կիրակնօրեայ ս. պատարագներուն:

Ան երկար տարիներու իր ծառայութեան աւարտին եւ որոշ անհանգստութեան պատճառով ատեն մը ապաստանեցաւ քրոջ աղջկան մօտ, ապա իր կամքով ուզեց մնալ Քահլի Հայ ծերերու տան մէջ: «Քորոնա» համավարակի արգելափակումներէն ետք այցելեցինք իրեն: Ան որքան գոհունակ էր եւ նոյն եռանդն ու սէրը պահած էր հանդէպ հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ կը գօտեպնդէր ներկաները: Մեր վերջընթեր այցելութիւնը կայացաւ Ս. Պետրոսի անուանակոչութեան շաբաթը, որ կը զուգադիպէր նաեւ իր ծննդեան տարեդարձին: Իր գոհունակութիւնը այնքան մեծ էր, որ ուզեց, որ ժամեր անցընենք եւ միշտ այցելենք իրեն: Ան խօսեցաւ իր հին փորձառութեանց մասին, շարական երգեց եւ դարձեալ տեսնուելու յոյսով բաժնուեցանք իրմէ…

Պարոն Պետրոս, վստահ ենք, որ Աստուած տեսնելով քու ծառայական կեանքդ` չուզեց, որ աւելի չարչարուիս: Ամբողջ կեանքդ նուիրեցիր Աստուծոյ տաճարին եւ տիպար օրինակ մը ձգեցիր քեզ մօտէն կամ հեռուէն ճանչցող հարազատներուդ եւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ընտանիքիդ:

Հանգիստ` յոգնաբեկ մարմինիդ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Դպրապետ Կարօ Սրկ. Աղազարեան