image

Լաւրովը վաղը Երեւան կը ժամանէ

Լաւրովը վաղը Երեւան կը ժամանէ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը 10-11 նոյեմբերին պաշտօնական այցով պիտի ըլլայ Հայաստան: Այս մասին ուրբաթ օր կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարաղ է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:

«ՌԴ նախարարի հայաստանեան այցի ծրագիրը կը ներառէ հանդիպումներ ՀՀ վարչապետի եւ պետութեան նախագահի հետ, բանակցութիւններ արտաքին գործոց նախարարի հետ: Նախարարը նաեւ ծաղկեպսակ պիտի դնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրի յաւերժական կրակի մօտ»,- ըսած է ան:

«Բանակցութիւններու ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն երկկողմ համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ ԵԱՏՄ-ի, ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի միջեւ համագործակցութիւնը, ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ԵԽ-ի, ՍԾՏՀ-ի եւ միջազգային այլ կառոյցներու դիրքորոշումներու համակարգման հարցերը: Կողմերը պիտի անդրադառնան նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն՝ ներառեալ Ղարաբաղեան կարգաւորման հեռանկարներուն»,- աւելցուցած է Զախարովան:

Լաւրով այնուհետ աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ֆրանսա. այցի ընթացքին ան պիտի մասնակցի Խաղաղութեան ֆորումին: