image

Պաշտօնական այցով Երեւան պիտի ժամանէ Ղազախստանի նախագահը. օրը յայտնի է

Պաշտօնական այցով Երեւան պիտի ժամանէ Ղազախստանի նախագահը. օրը յայտնի է

Ղազախստանի նախագահ Քասիմ–ժոմարթ Թոքաեւ ապրիլ 15-ին մէկօրեայ պաշտօնական այցով պիտի ժամանէ Հայաստան: Այս մասին յայտնած է «Քազթակ» պետական լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ղազախստանի նախագահի վարչակազմի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ այցի ընթացքին Թոքաեւ բանակցութիւններ պիտի վարէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ:

Նշենք, որ Ղազախստանի նախագահի այցի մասին աւելի վաղ յայտնած էր ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը` առանց ժամկէտներ նշելու։

Սա Թոքաեւի առաջին պաշտօնական այցն է Հայաստան երկկողմ մակարդակով։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայ-ղազախական գործարար համաժողով: