image

«Ուրախ եմ մրցանակ ստանալ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրածներու թոռներէն». Միրզա Դինային ստացաւ «Աւրորա»ի մրցանակ

«Ուրախ եմ մրցանակ ստանալ Ցեղասպանութենէն ետք վերապրածներու  թոռներէն». Միրզա Դինային ստացաւ «Աւրորա»ի մրցանակ

«Աւրորա» մրցանակի մէջ ամենակարեւորը ցեղասպանութեան ճանաչումն է։ Այս մասին Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է 2019-ի «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան յաղթող Միրզա Տինայի։

Տինային, որ Luftbrücke Irak կազմակերպութեան հիմնադիրն ու տնօրէնն է, ընդգծած է, որ սա առաջին անգամն է, երբ եզտիներու ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի, եւ ինքը, իրօք, երջանիկ է, որ այն եղած է հայերու կողմէ՝ անոնց թոռներու կողմէ, որոնք վերապրած են ցեղասպանութիւնը։

«Ես կ'ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել սուրբ Արարատի հողին, սուրբ Գառնիի տաճարի հողին, համակեցութեան եւ խաղաղութեան երկրին»,- ըսած է ան։

Անոր խօսքերով, այս մրցանակը շնորհելով հայերը դարձած են մեծագոյն ազգ, քանի որ համերաշխութիւն կը յայտնեն ցեղասպանութեան զոհերուն։

Խօսելով իր մարդասիրական ջանքերու մասին՝ Միրզա Տինային նշած է, որ ըլլալով մարդասէր ընտանիքի անդամ, հնարաւոր չէ դադարիլ բարի գործով զբաղուելէ։ «Այս հարթակը կրնայ ըլլալ ամենակարեւոր հարթակներէն մէկը՝ խաղաղութեան եւ մարդկութեան հաստատման համար, եւ ես հպարտ եմ, որ ձեր ընտանիքի անդամ կը հանդիսանում»,- աւելցուցած է ան։

Տինային նշած է երեք կազմակերպութիւններ, որոնց ինքը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ մրցանակը ստանալէ ետք։ Անոնք են՝ Air Bridge Iraq-ը, SEED Foundation-ը եւ Shai Fund-ը։