image

Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Սիրիոյ խորհրդարանը, հինգշաբթի 13 փետրուարին միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիական «ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը:

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւը ներկայացուցած էր Սուրիական-Հայաստանեան խորհրդարաններու բարեկամութեան միութիւնը:

խորհրդարանը նախապէս արծարծած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայ զոհերուն, սակայն անհրաժեշտ էր ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշում գոյացնել։ Այս իսկ պատճառով այսօր բանաձեւը պիտի քննարկուի եւ քուէարկուի խորհրդարանի նիստին ընթացքին։

Նշենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանը նախապէս արծարծած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայ զոհերուն, սակայն անհրաժեշտ գտած է ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշում գոյացնել։ Այս իսկ պատճառով այսօր բանաձեւը քննարկուեցաւ եւ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ։