image
Հրատապ լուրեր:

Անթիլիասի Կրօնական ժողովի ատենապետ նշանակուած է Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանը

Անթիլիասի   Կրօնական ժողովի   ատենապետ   նշանակուած է  Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանը

Երէկ հրապարակուած   հաղորդագրութեամբ մը  վերահասու կը դառնանք, որ  Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը           ունի կրօնական ժողովի նոր ատենապետ՝  յանձինս Տ. Կոմիտաս  արք.  Օհանեանի: 

Այս նշանակման մասին  այլ     մանրամասնութիւններ չեն   հաղորդուած: 

Կը նշուի նաեւ, որ    Կիլիկեան Աթոռի  Գահակալ   Հայրապետ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա.   Վեհափառը   գոհունակութեամբ արտայայտուած է Անթիլիասի միաբաններու  տարած  գործունէութեան  եւ  ունեցած   ազգային  յանձնառութեան մասին:

Տ.  Կոմիտաս    արք.  Մինչեւ վերջերս կը վարէր   Յունաստանի  թեմի առաջնորդութիւնը, որուն   Առաջնորդ  նշանակուած է        Անթիլիասի միաբաններէն  եւ Լիբանանի թեմի    նախկին  Առաջնորդ Տ.  Գեղամ  արք. Խաչերեանը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք   Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան  կողմէ  հրապարակուած    հաղորդագրութիւնը.

 

24 Հոկտեմբեր 2017-ի յետ միջօրէին, կրթական վերամուտի սեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հանդիպումներու ու աշխատանքներու կողքին, նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ միաբանութեան Տնօրէն Ժողովին հետ։

 

Ողջունելով Տնօրէն Ժողովի նոր անդամները, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց միաբանութեան վանական կեանքին հոգեւոր, մտաւոր ու վարչական երեսներուն առաւել ներդաշնակութիւն ու կենսունակութիւն տալու հրամայականը։ Այս երեք տարածքները մեր կեանքին մէջ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը՝ միաժամանակ յիշեցնելով, որ ինչ որ կը կատարուի մեր միաբանութեան կողմէ, Մայրավանքէն ներս թէ թեմերուն մէջ, պէտք է մէկ ուղղուածութիւն ու նպատակ ունենայ՝ ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Շարունակելով իր խօսքը Հայրապետը յիշեցուց, թէ մեր Ս. Աթոռին միաբանութիւնը մէ՛կ ամբողջութիւն է. ոմանք կը ծառայեն թեմերէն ներս, իսկ ուրիշներ՝ Մայրավանքէն ներս. պատասխանատուութիւնները ըստ կարիքի ու յարմարութեան փոփոխելի են։ Բոլոր միաբանները, երէց թէ փոքր, կոչուած են միաբանական կանոնագրութեամբ ճշդուած սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու, այլ խօսքով՝ հոգեմտաւոր կեանքով շաղախուած հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնը ու ծառայութիւնը մղիչ ոյժը դարձնելով իրենց կեանքին։ Հո՛ս է մեր միաբանութեան հզօրութիւնը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Յայտնենք, որ միաբանութիւնը 2014 թուականին ունեցաւ իր կանոնագրութիւնը՝ պատրաստուած միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ վաւերացուած Նորին Սրբութեան Սրբատառ Կոնդակով։

 

Ապա Հայրապետը Տնօրէն Ժողովին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Մայրավանքէն ներս թէ դուրս ծառայող ու ուսանող միաբան հայրերուն առնչուած, որմէ ետք Տնօրէն Ժողովը քննարկեց վանական կեանքին հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ։

 

Տնօրէն Ժողովի անդամներն են.-

Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան (ատենապետ)

Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան

Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան

Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան

Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան (ատենադպիր)