1. Աւելորդ յօդեր (ա)
«Որքան յօդը պակաս ըլլայ՝ նոյնչափ զօրաւոր, ազդու եւ հատու կ’ըլլայ խօսքը» («Քննական քերականութիւն», էջ 192/§ 532),—այս դատողութիւնը ընողը արեւմտահայերէնի մեծագոյն տեսաբանն ու իր ժամանակին Եւրոպայի մեծագոյն լեզուաբաններէն մէկն է:
Լեզուական աւելորդաբանութեանց շարքին իր ոչ-արհամարհելի տեղը ունի յօդը եւս, որ աւելի դիւրին ու գաղտագողի կը սպրդի լեզուի մէջ՝ յառաջացնելով իւրայատուկ խժալրութիւն մը եւ ոճական ծանծաղութիւն մը, որոնք առհասարակ կը խուսափին անվարժ գրողի ու ընթերցողի ուշադրութենէն եւ որոնցմէ ձերբազատելու համար կը պահանջուի յարատեւ ուշադրութիւն: Գրողը ինք դժբախտաբար չ’անդրադառնար, թէ որքան անհաճոյ, անբարեհունչ ու տաղտկալի է անոնց չափազանցութիւնը: Հարցը կը վերաբերի մասնաւորաբար ն/ը որոշիչ յօդի անտեղի կիրարկութեան:
Օրինակ՝
--Այդ գրողները պիտի արժեւորուին իրենց վաստակին ու բերքին որակին համեմատ:
Այստեղ շարուած են երեք բառեր՝ վաստակին, բերքին, որակին, որոնք մեր ականջը կը սղոցեն՝ մեզ անհանգստացնելու աստիճան. պատճառը՝ ասոնց վերջին վանկերու «ին» բաղադրիչի կրկնութեան յառաջացուցած միօրինակութիւնն է: Այսպէս է, որովհետեւ ասոնց երեքն ալ օժտուած են «ն» ռնգային յօդով, որոնց առաջին երկուքը աւելորդ են. կարդանք նոյնը առանց այդ երկու յօդերուն, եւ պիտի նկատենք, թէ որքան աւելի բարեհունչ ու ազնիւ կը հնչէ մեր խօսքը.
--Այդ գրողները պիտի արժեւորուին իրենց վաստակի ու բերքի որակին համեմատ:
Չենք կրնար ջնջել որակին բառի յօդը եւս, որովհետեւ այս բառը յատկացեալն է միւս երկուքին, իսկ յատկացեալը, ինչպէս նախորդիւ տեսանք, չի կրնար դիւրին բաժնուիլ իր յօդէն, որ այս պարագային ստացական է: Այս կառչածութիւնը կրնանք հաստատել հետեւեալ օրինակներով՝ իմ մատիտս-քու մատիտդ-իր մատիտը, ուր չենք կրնար ըսել իմ մատիտ-քու մատիտ-իր մատիտ. որովհետեւ ս,դ, ը ստացական յօդերը կը պարտադրեն ինքզինքնին:
Միւս կողմէ՝ ան առանձինը այլեւս չի խանգարեր խօսքին բարեհնչութիւնը:
Իսկ եթէ չունենայինք որակին բառը, ապա այդ պարագային անհրաժեշտ պիտի դառնային վաստակին եւ բերքին յատկացեալնրու «ն» յօդերը:
--Այդ գրողները պիտի արժեւորուին իրենց վաստակին ու բերքին համեմատ:
Եւ որովհետեւ անհրաժեշտ յօդեր են այս վերջինները, մեր բանականութիւնը հեշտութեամբ կը հանդուրժէ անոնց ներկայութեան, եւ ճաշակն ալ հաշտ կ’ընթանայ բանականութեան հետ ու կ’ընդունի զանոնք:
Յօդերու ճիշդ ու ներդաշնակ կիրարկութեան մշակոյթին տիրապետումը բաւական դժուար է, ճաշակի երկարատեւ նրբացում ու յղկում կը պահանջէ ենթակայէն, բայց նաեւ խոր կեդրոնացում՝ մասնաւորաբար գրաւոր խօսքին վրայ, ինչ որ ամէն գրողի շնորհուած չէ՝ մասնաւորաբար լրագրութեան ծիրէն ներս, ուր կը տիրէ դաժան հեւք մը՝ լրագիրի հերթական թիւը պատրաստելու ու ճիշդ ժամանակին զայն մամուլին յանձնելու պարտաւորութիւնը:
* * *
Վերը տեսնուած օրիննակներու թելադրանքով ու զգացողութեամբ, կար-դանք հետեւեալը եւս՝ զանազանելու համար յօդին անհրաժեշտն ու անպէտը.
--Կը զգուշացնենք պետութիւններու գերիշխանութիւնը ոտնահարելուն եւ տագնապները բորբոքելու հետեւանքներէն (Ազդակ, 1/8/2024, էջ 8):
Այստեղ երեւցող չորս յօդերէն երեքը ստացական են եւ չեն ջնջուիր. կարելի է ջնջել միայն ոտնահարելուն-ի յօդը, որ շատ անախորժ կը հնչէ, եւ այս մէկ հատիկ յօդին վերացումը արդէն շատ աւելի բարեհունչ կը դարձնէ նախադասութիւնը:
Նկատենք, որ այս նախադասութեան մէջ ոտնահարելու եւ բորբոքելու դերբայները նոյն պաշտօնը ունին. եւ ահա գրողը ասոնց առաջինը՝ ոտնահարելուն, օժտած է յօդով, երկրորդը՝ բորբոքելու, յօդ չունի. ճիշդը այս վերջինն է: Եւ որովհետեւ մեր գրողին կը պակսի թէ՛ ճաշակը, թէ՛ փոյթը, թէ՛ մանաւանդ տարրական գիտելիքը, նոյն նախադասութեան մէջ ան երկու տարբեր ձեւերով գրած է այս երկու բառերը՝ առանց անդրադառնալու իսկ ըրածին:
2. Հետեւեալ երեքին մէջ ունինք յատկացուցիչ-յատկացեալ կապակցութիւն-ներ, որոնց յատկացուցիչներու անտեղի ու աւելորդ որոշիչ յօդերը կը ստեղծեն քաոսա-յին խժալրութիւն մը. միւս կողմէ՝ մեր օրինակները բաւական հարուստ են ոչ-յօդային «ն» բաղաձայնով ալ, որով աւելի կը խճողուի ամբողջութիւնը:
--Համաստեղ շնորհակալութիւն կը յայտնէ խօսակիցին՝ Գ. հատորին ստացման առթիւ:
--Քանի մը տարի մնաց լիբանանեան լուրերուն սիւնակներուն մէջ:
--Ան անդրադարձաւ «Յանուն հայրենիքի» շարժումին նպատակին:
Կարդանք զանոնք առանց այդ յօդերուն՝ ճիշդ գնահատելու համար այդ յօդերու տաղտուկին տարողութիւնը:
Իսկ հետեւեալին որոշիչ յօդերը իրենց կարգին անտեղի ու անիմաստ են. ոչինչ կ’արդարացնէ անոնց ներկայութիւնը: Բաղդատել՝
--Պէտք է դադրեցնել կրակոցը՝ յաւելեալ մագլցումէն ու ճակատումէն խուսափելու համար :
--Պէտք է դադրեցնել կրակոցը՝ յաւելեալ մագլցումէ ու ճակատումէ խուսափելու համար :
Ուսանելի օրինակ մը եւս.
-- Պիտի մտածէին գործին հասութաբեր պայմաններուն մասին:
Ոչ մէկ արդարացում ունի գործին-ի յօդը:
Պայմաններուն-ը յատկացեալ ըլլալով կը պահէ իր յօդը:
Մասին-ի ին վերջաւորութիւնը բառային բաղադրիչ է:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com