image

«Զուարթնոց» եկեղեցւոյ կից իր ընկերներուն հետ զոհուած Վազգէնը յայտնի ֆութպոլիստ էր

«Զուարթնոց»  եկեղեցւոյ կից  իր ընկերներուն հետ զոհուած  Վազգէնը   յայտնի  ֆութպոլիստ էր

Երէկ  Հալէպի   մէջ   զոհուած Վազգէն Ճապաղջուրեանը   երկար տարիներու  հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական էր:  Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի հարազատներէն:  1944 -ին  Հալէպ ծնած Վազգէն   հայր էր երկու դուստրերու` Վարդենի եւ Դալար: Ան երկար տարիներ  ծառայած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն  մէջ եւ  1960-ականներուն  իբրեւ Ֆութպոլիստ հանդէս եկած է   ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Ֆութպոլի խումբէն:   Նշենք, որ  երէկ եղած հրթիռարձումներու պահուն  Վազգէն    իր  երեք  ծանօթներուն  հետ       գտնուած է   «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ (որ նաեւ իր տան  շրջանն է)   շրջանին մէջ եղող  խանութի մը մէջ:  Ահաբեկիչներու    նետած  պայթուցիկ տակառի պայթումին հետեւանքով չորս հալէպահայերու   մարմինները ածխացած են:  Վազգէն  Ճապաղջուրեանի    հետ զոհուածներուն անուններն են՝  Լեւոն Քէլխաչերեան, Յովսէփ Ջանէցեան եւ Խաչիկ Ապուլապութեան:    Շուրջ 3  տարի առաջ   Հալէպի «Նոր Գիւղ» շրջանին մէջ      հրթիռարձակումի հետեւանքով նոյնպէս զոհուած էր   Վազգէն Ճապաղջուրեանի  հարազատը ՝  Վրէժ  Ճապաղջուրեան: