image

ԶՊՄԿ-ն դարձեալ առաջնային դիրքի վրայ. Կազմակերպութիւնը պետութեան վճարած է 83 միլիառ դրամ հարկ

 ԶՊՄԿ-ն դարձեալ  առաջնային դիրքի վրայ. Կազմակերպութիւնը  պետութեան վճարած է  83 միլիառ դրամ հարկ

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէն հրապարակած է 2024 թուականի երրորդ եռամսեակի 1000 խոշոր հարկատուներու ցուցակը, ըստ որու՝ 

ցանկը կրկին կը գլխաւորէ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատը (ԶՊՄԿ), որու յունուար-սեպտեմբեր ամիսներու մուտքերը կազմած են աւելի քան 83 միլիառ դրամ։ 

Այսպիսով, «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատը» (ԶՊՄԿ) աւելի քան 31 միլիառ դրամով աւելցուցած է հարկային վճարումները՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ։

ԶՊՄԿ-ն երկրորդ եռամսեակին եւս առաջին հորիզոնականի վրայ էր եւ վճարած էր 64 միլիառ դրամի հարկեր:

Նշենք նաեւ, որ ԶՊՄԿ-ն արդէն գերազանցած է 2023 թուականի ընթացքին իր կողմէ վճարուած հարկերու տարեկան ցուցանիշը (70,881,967 հազար դրամ)։

Այս ընկերութիւնը 2021-էն սկսեալ մշտապէս գլխաւորած է խոշոր հարկ վճարողներու ցանկը: (Առաւել մանրամասն՝ աղիւսակին մէջ):

 

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէէն յայտնած են, որ խոշոր հարկ վճարողներու ցանկի երկրորդ հորիզոնականի վրայ է «Մոպայլ Սենթր Արթը»` աւելի քան 49 միլիառ դրամ վճարուած հարկերով: Այս ընկերութիւնը 2024–ի երկրորդ եռամսեակին կրկին երկրորդ հորիզոնականի վրայ էր` աւելի քան 32 միլիառ հարկերով։

Ցանկի երրորդ տեղը «Գրանտ Թոպաքօն» է, որ վճարած է աւելի քան 39 միլիառ դրամ հարկ: Ան 2024–ի երկրորդ եռամսեակին խոշոր հարկատուներու ցանկին մէջ 4–րդն էր:

Խոշոր հարկատուներու ցանկին մէջ 4-րդ հորիզոնականի վրայ «Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութիւնն է` աւելի քան 36 միլիառ դրամի հարկային մուտքերով։ 2024 թուականի երկրորդ եռամսեակին ընկերութիւնը խոշոր հարկատուներու ցանկին մէջ երրորդ հորիզոնականի վրայ էր` աւելի քան 27 միլիառ դրամով։

5-րդ տեղը «Փրիթի Ուեյ» ընկերութիւնն է, որ վճարած է աւելի քան 27 միլիառ դրամի հարկեր:

6-րդ տեղը «Ամերիապանք»ն է, որ վճարած է աւելի քան 20 միլիառ հարկեր։ Ան 2024 թուականի երկրորդ եռամսեակին կրկին 6-րդ հորիզոնականի վրայ էր:

Ցանկի 7-որդ տեղը «Սի Փի Էս Էնըրճի Կրուփ» ընկերութիւնն է` աւելի քան 17 միլիառ հարկային մուտքով։ 8-րդ հորիզոնականը զբաղցուցած է «Ֆիլիփ Մորիս Արմենիա» ընկերութիւնը, որ պիւտճէ վճարած է 14,7 միլիառ դրամի հարկեր:

9-րդ հորիզոնականի վրայ «Վիվա Արմենիա» ընկերութիւնն է` աւելի քան 14,5 միլիառ հարկային մուտքերով։

Խոշոր հարկատուներու տասնեակը կ՚եզրափակէ «Սիթի» ընկերութիւնը, որ 2024 թուականի յունուար-սեպտեմբեր ժամանակահատուածին աւելի քան 13 միլիառ դրամի հարկեր վճարած է:

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէէն նշած են, որ 1000 մեծ հարկ վճարողները 2024թ. Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարած են աւելի քան 1 թրիլիոն 323 միլիառ 205 միլիոն դրամ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 57 միլիառ դրամ աւելի։ Հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 1 թրիլիոն 95 միլիառ 131 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը՝ աւելի քան 228 միլիառ 74 միլիոն դրամ։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ խոշոր հարկատուներու` 2023 թուականի յունուար–դեկտեմբեր ամիսներու ցանկը կրկին կը գլխաւորէր Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմբինատը գործարանը (70.9 միլիառ դրամ հարկ)։