image

Էրտողան Ռամատանի առաջին օրը պիտի այցելէ Սուրիա եւ աղօթէ Դամասկոսի Օմայատ մզկիթին մէջ. ԶԼՄ

Էրտողան Ռամատանի առաջին օրը պիտի այցելէ Սուրիա եւ աղօթէ Դամասկոսի  Օմայատ մզկիթին մէջ. ԶԼՄ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան մարտի սկիզբը՝ Ռամատանի (իսլամական աշխարհի պահքի ամիսը) առաջին օրը, պիտի այցելէ Սուրիա: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Now TV» հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով լրագրող Տողան Շենթիւրքին։

Հեռուստալրագրողն ըսած է, որ լուրը ստացած է Թուրքիոյ իշխող կուսակցութենէն։ «Էրտողանը Ռամատանի առաջին իֆթարը (իսլամի հետեւորդներու կողմէ երեկոյեան սնունդի ընդունում Ռամատան ամսուն. խմբ.) պիտի ունենայ Դամասկոսի մէջ։ Ան նաեւ առաջին աղօթքը պիտի կատարէ Օմայեաններու մզկիթին մէջ», - յայտնած է հեռուստաալիքը։

Նշենք, որ աւելի վաղ Դամասկոս այցելած էին Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) ղեկավար Իպրահիմ Քալընն ու Թուրքիոյ ԱԳՆ ղեկավար Հաքան Ֆիտանը: