image

Զինուած քաղաքացին ներխուժած է «Արմենիա» բժշկական կեդրոն եւ կրակոցներ արձակած

Զինուած քաղաքացին ներխուժած է «Արմենիա» բժշկական կեդրոն եւ կրակոցներ արձակած

Մինչ «Արմենիա» բժշկական կեդրոնի անօթային բաժանմունքին մէջ անծանօթ անձը կրակոցներ արձակած է, այսօր հետազօտութեան համար քրէակատարողական հիմնարկէն բժշկական կեդրոն տեղափոխուած անձը, որ կալանաւոր է, փորձած է դիմել փախուստի, սակայն այն կանխուած է:

Այս մասին «Tert.am»ին յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան:

 

Նշենք, որ շրջանառուող լուրերուն համաձայն, կալանաւորը «Պանտա»ի յայտնի գործով անազատութեան մէջ գտնուող Դաւիթ Գալստեանն է:

 

Սոնա Տռուզեան չէ հաստատած այդ տեղեկութիւնը, նշելով, որ այդ կը ստուգուի:

 

Քրէակատարողական հիմնարկի աշխատակիցներն ու ոստիկանները յաջողած են վնասազերծել դատապարտեալի հիւանդասենեակ մուտք գործած անձն ու կալանաւորը:

ՀՀ ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, ներկայիս նախաքննութիւն կը կատարուի: