Իսրայէլի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնը Յորդանան գետի արեւմտեան ափին գտնուող Ժըննին քաղաքին մէջ, ըստ պաշտօնական տուեալներու, աւարտած է։ Բոլոր զինուորականները դուրս բերուած են այնտեղէն եւ պիտի վերադառնան «ամէնօրեայ» ծառայութեան, 5 յուլիսին յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը՝ պատասխանելով լրագրողական հարցման։
Բանակի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ առաջին ստորաբաժանումները պաղեստինեան քաղաքը լքած են նախորդ գիշեր։
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն նախօրէին յայտարարած էր Ժըննինի մէջ գործողութեան սպասուող աւարտի մասին։
«Այս պահուն մենք կ'աւարտենք առաքելութիւնը, եւ կրնամ ըսել, որ մեր լայնածաւալ գործողութիւնները Ժըննինի մէջ մէկանգամեայ չէ»,-ըսած է ան՝ այցելելով քաղաքի մօտ գտնուող իսրայէլեան բանակի անցակէտը։
Զօրքերու դուրսբերման մեկնարկէն քանի մը ժամ անց Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինցի զինեալները հինգ հրթիռ արձակած են Իսրայէլի ուղղութեամբ, յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Twitter-ի էջին։
Իսրայէլը որսացած է հրթիռները, զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան։ Ի պատասխան այս հրետակոծութեան՝ իսրայէլցի զինուորականները յարձակած են Կազայի հատուածի հիւսիսը գտնուող արմատական իսլամիստական ՀԱՄԱՍ շարժման ռազմական կառոյցի վրայ։
Իսրայէլի բանակի գործողութեան մեկնարկէն ի վեր 12 պաղեստինցի զոհուած է, որոնցմէ առնուազն 5-ը գրոհային եղած է, աւելի քան 100 մարդ վիրաւորուած է, յայտնած է Ռամալլայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով՝ գործողութեան ընթացքին սպաննուած է մէկ իսրայէլցի զինուոր։