Ֆրանսական կիրակնօրեայ շաբաթաթերթ Journal du Dimanche-ը (JDD) Մարտ 14-ի իր թիւին մէջ բացառիկ ու պայթուցիկ հրապարակում մը ունի «Թուրքիոյ՝ Փարիզի նախկին դեսպան Իսմայիլ Հաքքը Մուսայի մութ գաղտնիքները» խորագրով։ Թերթը կը գրէ, թէ Իսմայիլ Հաքքը Մուսա, որ՝ Փարիզի մէջ պաշտօնավարման շրջանը աւարտեց Շաբաթ օր, Պելճիքայի դատարանի փաստաթուղթերուն մէջ ներգրաւուած է որպէս կասկածեալ՝ Անգարայի գաղտնի ծառայութիւններուն կողմէ ուղարկուած մարդասպաններու «համակարգող» ըլլալու մեղադրանքով: Այս մէկը կը հաստատէ 2013-ի Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչ երեք կիներու սպանութեան մէջ թուրք գործակալներու դերին մասին կասկածները, մինչ արդարադատութիւնը դեռ կը շարունակէ քննութիւնը՝ հակառակ հիմնական կասկածեալին մահուան:
JDD կը գրէ.- «Չորս ու կէս տարի Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնը վարած Իսմայիլ Հաքքը Մասու կը վերադառնայ իր երկիրը՝ իր ճամպրուկներուն մէջ տանելով եւրոպական հողի վրայ թրքական գաղտնի ծառայութիւններու գործունէութեան մութ ծալքերը: Ան, շաբաթ օրուան իր մեկնումը պաշտօնապէս յայտարարեց միայն նախորդ օր՝ ուրբաթ երեկոյեան, դեսպանատան կողմէ Թուիթըրի միջոցաւ հրապարակուած նամակով: Իր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեամբ պաշտպանուած՝ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան՝ MIT-ի այս նախկին փոխտնօրէնը, որ 2016 թուականին նշանակուած էր Փարիզի դեսպանի պաշտօնին, երբեք չհետապնդուեցաւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կողմէ»: