image

«Ժամանակը հասած է, որ ՆԱԹՕ-ն հանգստեան կոչուի». Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց

«Ժամանակը հասած է, որ ՆԱԹՕ-ն  հանգստեան կոչուի». Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց

ՆԱԹՕ-ի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները կը յուշեն, որ անվտանգութիւնն ու Հիւսիսաթլանթեան դաշինքն անհամատեղելի բաներ են, առաջ կու գայ եզրակացութիւն՝ ժամանակն է, որ դաշինքը թոշակի անցնի. այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Պրիւքսէլի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի խորհուրդի՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով նիստի արդիւնքները, գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն:

«Դաշինքը, ըստ էութեան, պարծենալու բան չունի, ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները իրենց ետին ունին պատերազմներ, աւերակներու վերածուած պետութիւններ, անպատիժ ռազմական յանցագործութիւններ, քաղաքացիական անձանց սպանութիւններ եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ոչնչացում. Հարաւսլաւիա, Իրաք, Աֆղանստան, Լիպիա: Ո՞վ է յաջորդը»,- ըսած է Զախարովան։

Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի ներկայացուցիչները կը շարունակեն կրկնել, որ այն պաշտպանական դաշինք է, նշած է Զախարովան, թէեւ կազմակերպութեան ամբողջ պատմութիւնը այլ բան կը յուշէ։

«Եւ հիմա մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս ՆԱԹՕ-ն, ձգտելով իւրացնել եւրոպական անվտանգութեան ամբողջ համակարգը, կրկին կ'ընդլայնուի դէպի Ռուսիա՝ սպառնալիքներ ստեղծելով մեր անվտանգութեան համար։ Ֆինլանտան դարձած է Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի եւս մէկ զոհ. այդ երկրի իշխանութիւնները որոշեցին հրաժեշտ տալ իրենց երկրի երկարաժամկէտ չէզոքութեան` այն առաջին գիծի գօտիի վերածելու դիմաց` դառնալով Ռուսիոյ հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ զսպելու ցատկահարթակ», -ըսած է Զախարովան:

ՆԱԹՕ-ն մտադիր չէ կանգ առնել, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկն աւելի յաճախ կը յայտարարէ դաշինքի համաշխարհային դերի մասին, որ պէտք է դուրս գալ պատասխանատւութեան աւանդական գօտիէն՝ Եւրոաթլանթեանէն, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։

«Իրականութեան մէջ հիմք կը դրուի տարածաշրջանային անվտանգութեան համակարգերու կառուցման ՆԱԹՕ-ի վրայ հիմնուած մօտեցումներու համատարած պարտադրման համար: Այստեղէն ալ կը բխի Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելը եւ Ռուսիոյ հետ պատերազմը շարունակելու դրդումը, յարձակումները Չինաստանի վրայ, սիրախաղը Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի հետ, Արքթիքայի ռազմականացման ծրագրերը: Ամէն ինչ կը կատարուի աշխարհը աւելի վտանգաւոր դարձնելու, Արեւմուտքի գերիշխանութիւնը խարխլելու ունակ այլընտրանքային ուժային կեդրոններու գոյութիւնը կանխելու համար։ Ընդհանուր առմամբ, կարելի է վստահաբար պնդել, որ անվտանգութիւնն ու ՆԱԹՕ-ն անհամատեղելի բաներ են։ Այս առումով միայն մէկ եզրակացութիւն առաջ կու գայ՝ 74 տարեկանին Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի թոշակի անցնելու ժամանակն է»,- եզրափակած է ան։