Իրան, հնարաւոր է, չի ցանկար զէնք վաճառել Հայաստանին, որպէսզի շատ չվատթարանայ յարաբերութիւններն Ատրպէյճանի հետ, որուն Թեհրան նոյնպէս կը դիտարկէ որպէս իր ազդեցութեան գօտի։ Մի գուցէ, Իրան կը ցանկայ ինչ որ բան վաճառել, բայց անոր դիմաց, հնարաւոր է, կը ցանկայ աւելի խոր դաշնակցային յարաբերութիւններ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է APRI Armenia-ի գիտաշխատող, ռազմական փորձագէտ Լէոնիտ Ներսիսեան։
Փորձագէտը կը կարծէ, որ հրետանին սպառազինութեան ամենակարեւոր տեսակներէն մէկն է, որ Հայաստան պէտք է ձեռք բերէ, քանի որ կորուստները հսկայական էին:
«Եթէ բոլոր հնդկական պայմանագրերը ճիշդ են, ապա հարցն առաջին փուլում փակուած է, թէեւ միշտ կարելի է շարունակել։ Ամէն դէպքում ե՛ւ հրթիռային, ե՛ւ փողաւոր հրետանու առումով դա մեծ առաջընթաց կը լինի»,-նշած է Ներսիսեան։
Յիշեցնենք, որ հնդկական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն հրապարակած էին Հնդկաստանէն Հայաստանի կողմէ «MArG» ինքնագնաց հրանօթներու գնման մասին։ Մինչ այդ հրապարակումներ եղած են նաեւ «Pinaka» համազարկային կրակի համակարգերու, հակաթանկային համալիրներու եւ այլ սպառազինութիւններու մասին։
Փորձագէտը չափազանց կարեւորած է նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու գնումը։
«Չնայած հիմա դժուար է որակեալ արտադրանք ձեռք բերել այս ոլորտում, քանի որ Ռուսաստանը գործնականում ոչ մէկին ոչինչ չի մատակարարում։ Այլ երկրներ ունեն որոշակի անալոգներ (համանման), պարզապէս ամէն ինչի համար ժամանակ է պահանջւում, շատ դժուար է արագ գնելը»,-նշած է փորձագէտը։