image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքի. Մենք զօրավիգ ենք Ատրպէյճանին

Զելենսքի. Մենք զօրավիգ ենք Ատրպէյճանին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իլհամ Ալիեւին՝ 28 մայիսի Անկախութեան օրուան առթիւ։

«Կը ցանկամ երախտագիտութիւն յայտնել Ատրպէյճանի հետեւողական դիրքորոշման համար՝ աջակցելու մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ մեր պետութեան եւ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհի համար այս դժուարին պահուն՝ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ շարունակուող պատերազմի ժամանակ»,- ըսուած է ուղերձին մէջ։

«Անգամ մը եւս կը վերահաստատեմ Ուքրանիոյ անփոփոխ դիրքորոշումն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան աջակցութեան հարցով»,- մասնաւորապէս ուղերձին մէջ նշած է Ուքրանիոյ ղեկավարը։