image

Զազրելի սպանդ Թուրքիոյ մէջ. Սպաննած են քիւրտ ընտանիքի մը 7 անդամները

Զազրելի սպանդ Թուրքիոյ մէջ. Սպաննած են քիւրտ ընտանիքի մը 7 անդամները

Զազրելի սպանդ մը գործուած է Թուրքիոյ Քոնիա նահանգին մէջ։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Rudaw քրտական կայքը։

 

 Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, որ խումբ մը զինեալներ գրոհած են Տէտէօղլու ընտանիքի բնակարանը եւ կրակ բանալով սպաննած են ընտանիքի 7 անդամները։

 

 Սպանդէն ետք անոնք խոյս տալու պահուն հրկիզած են բնակարանը։

 Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եղածը հետեւանք է ընտանեկան վէճի մը , որ ունի երկար տարիներու նախապատմութիւն։

 

 

 Միւս կողմէ կը նշուի նաեւ, որ իրաւապահ մարմիններ քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ, իսկ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլայման Սոյլու հերքած է բոլոր տիպի խօսակցութիւնները, ըստ որոնց սպաննութիւնը եղած է ցեղային խտրականութեան ֆոնին վրայ։ 

 

Կը  հաղորդուի նաեւ, որ  ոճիրը գործուած է   12  յուլիսին։