Քիեւը եւ Մոսկուան զիրար կը մեղադեն կիրակի՝ 11 օգոստոսի երեկոյեան, Եւրոպայի ամենամեծ աթոմակայանի տարածքին մէջ բռնկած խոշոր հրդեհի համար:
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, թէ աթոմակայանին մէջ հրդեհը բռնկած է ռուս զինուորականներու պատճառով։ Զապորոժիէի մէջ Ռուսիոյ նշանակած նահանգապետ Եւկենի Պալիցքին ըսած է, թէ աղէտի պատճառն ուքրանական կողմի գնդակոծութիւնն է։
Ըստ ռուսական «Ռոսաթոմ» պետական գործակալութեան՝ Զապորոժիէի աթոմակայանին մէջ «հիմնական հրդեհը մարուած է» 11 օգոստոսի ուշ երեկոյեան՝ ժամը 23:30-ին։
Մարզային վարչութեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնն ալ յայտնած է, որ տուժածներ չկան, աթոմակայանի շուրջ ճառագայթային ֆոնը բնականոն սահմաններու մէջ։
Երկու կողմն ալ նշած է, որ հրդեհը չէ ազդած ճառագայթային անվտանգութեան վրայ, միեւնոյն ժամանակ, Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը զգուշացուցած է նման միջադէպերու հնարաւոր վտանգի մասին։