image

Յոյսով ենք, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան նոր ձեւաչափը շուտով կը հաստատուի. Փաշինեան

Յոյսով ենք, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան նոր ձեւաչափը շուտով կը հաստատուի. Փաշինեան

Այս այցը Ենս Սթոլթընպերկի, որպէս ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար, առաջինն է, որ լաւ հնարաւորութիւն է կարծիքներ փոխանակելու, ինչպէս Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան, այնպէս ալ տարածաշրջանային ու համաշխարհային կայունութեան ու անվտանգութեան խնդիրներու վերաբերեալ։

Այս մասին ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Մենք շահագրգռուած ենք շարունակել առկայ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ ընդլայնել գործընկերութիւնը ինչպէս դաշինքի, ինչպէս նաեւ առանձին անդամ պետութիւնների հետ։ Յուսով ենք, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան նոր ձեւաչափը, անհատապէս յարմարեցուած գործընկերութեան ծրագիրը շուտով կը հաստատուի։

Մեր տարածաշրջանում տեղի ունեցած զարգացումների լոյսի ներքոյ ՀՀ-ի համար չափազանց կարեւոր է ուժեղացնել իր դիմակայութիւնը եւ զարգացնել համապատասխան պաշտպանական կարողութիւնները։ Մենք մեծապէս կարեւորում ենք ՀՀ-ի մասնակցութիւնը խաղաղապահ գործողութիւններին ու այն համարում ենք կարեւոր ներդրում միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործերում։

Հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանումը շարունակում է իր ներդրումը ունենալ Կոսովոյի առաքելութիւնում եւ ինչպէս տեղեակ էք 2023-ի յուլիսին, երբ Կոսովոյում որոշակի անկայուն վիճակ էր, ՀՀ-ն աւելացրեց իր խաղաղապահ ստորաբաժանման անձնակազմը լրացուցիչ 17 զիծառայողով»,- ըսած է ՀՀ Վարչապետը։

Փաշինեան նշած է, որ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն կ՚իրականացուի նաեւ խորհրդարանական հարթութեան վրայ։

Վարչապետի խօսքով՝ հայկական կողմի որեւէ համագործակցութիւն չի կրնար ուղղուած ըլլալ տարածաշրջանի երկիրներու դէմ։

«ՀՀ-ն շարունակում է հաւատարիմ մնալ տարածքաշրջանային քաղաքականութեանը։ Մեր առանձնայատուկ յարաբերութիւնները Վրաստանի եւ Իրանի հետ չափազանց կարեւոր են ու մեր որեւէ համագործակցութիւն չի կարող ուղղուած լինել մեր իսկ տարածաշրջանի դէմ»,-ըսած է ան։