image

"Յոյսով եմ Ռուսաստանը չի կիրառեր նոյն յարձակումը` ինչպէս ժամանակին Վրաստանի դէմ կիրառած էր". Զուրապիշվիլի

"Յոյսով եմ Ռուսաստանը չի կիրառեր նոյն յարձակումը` ինչպէս ժամանակին Վրաստանի դէմ կիրառած էր". Զուրապիշվիլի

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին համերաշխութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ եւ նշած, որ յոյս ունի, որ Ռուսաստանը յարձակողական գործողութիւններ չի ձեռնարկեր անոր դէմ։

Ինչպէս նշած է Վրաստանի նախագահը, յարձակողական գործողութիւնները երբեք արդիւնք չեն տար։ Սալոմէ Զուրապիշվիլին յոյս ունի, որ գործընթացները կ'անցնին երկխօսութեան։

 

«Կ'ուզեմ համերաշխութիւն յայտնել Ուքրանիոյ։ Յոյսով եմ, որ Ռուսաստանը չի կիրառեր նոյն յարձակումը, որ ան ժամանակին կիրառեց Վրաստանի դէմ։ Այս գործողութիւնները արդիւնք չեն բերեր։ Այսօրուայ աշխարհը այլ է, 20-րդ դարու գործողութիւնները արդէն անախրոնիստական ​​են։ Այս ձեւով եւ այս մօտեցումներով մենք՝ որպէս ժողովրդավարական աշխարհ, Եւրոպա, չենք կրնար յաղթահարել համաշխարհային սպառնալիքները, որոնք բոլորս գիտենք, որ կան։ Այնպէս որ, յոյսով եմ, որ ամէն ինչ կը տեղափոխուի երկխօսութեան ձեւաչափ», ըսած է Սալոմէ Զուրապիշվիլին։