image

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛արդարացնէ Դեսպանին Քարոզչական Պտոյտը Դէպի Շուշի

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛արդարացնէ Դեսպանին Քարոզչական Պտոյտը Դէպի Շուշի

Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ յղած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի՝ բողոքելով Յունաստանի դեսպանին դէպի բռնագրաւուած Շուշի կատարած քարոզչական պտոյտին մասին: Պտոյտը կազմակերպած էր Ատրպէյճանի կառավարութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարարը արձագանգեց՝ անհամոզիչ արդարացումներ բերելով դեսպանի ահաւոր վարքագիծին մասին:

Ահա՛ թէ ինչ գրած է Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, 12 Յուլիսին արտաքին գործոց նախարար Տենտիասի ուղղուած նամակին մէջ «Մենք զարմացած էինք, բայց նաեւ շատ վշտացած՝ իմանալով Ատրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան պարոն  Նիքոլայոս Փիփերիկոսի՝ Ալիեւի վարչակարգի կազմակերպած սադրիչ տօնակատարութեան բերած մասնակցութեան մասին…: Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայ համայնքը ամբողջութեամբ, իրենց խիստ դժգոհութիւնը կը յայտնեն այս ծաղրերգութեան՝ մեր երկրի ներկայացուցիչին մասնակցութեան առիթով: Դուք քաջատեղեակ էք, որ Ատրպէյճան, հաւատարմօրէն ընդօրինակելով իր դաստիարակին (Թուրքիոյ) վարքագիծը, կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքի չափանիշները: Ո՞րն է ճգնաժամային այս պահուն Յունաստանի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան նպատակը»:

Արտաքին գործոց նախարար Տենտիաս պատասխանեց 27 Յուլիսին, այսպէս «Յունաստան պատմական եւ բարեկամական բազում տարիներու գերազանց կապեր կը պահպանէ Հայաստանի հետ։ Հայաստանի համար դժուար ժամանակներու մէջ, Յունաստան կանգնեցաւ հայոց երկրի եւ ժողովուրդի կողքին։ Ես անձամբ՝ 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, այցելեցի Երեւան՝ փոխանցելով զօրակցութեան պատգամ, այն պահուն, երբ պատերազմական գործողութիւններ ծաւալած էին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ։ Նաեւ, ընդառաջելով մեր երկրին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու դիմումին, արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային զարգացման ծառայութեան համադրումով, Յունաստան իրագործեց մարդասիրական երկու առաքելութիւններ (բժշկական  պիտոյք­ներ  եւ սնունդ), որոնք կատարուեցան 12 Դեկտեմբեր 2020-ին եւ 8 Յունուար 2021-ին՝ ցոյց տալով գործնական աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն։ Միաժամանակ, ինչպէս յայտնի է, 1992-էն ի վեր Յունաստան դի­ւա­նա­գի­տա­կան կապեր  ունի  Ատրպէյճանի  հետ։ 2020-ի ընթացքին, երկկողմանի (Ատրպէյճանի եւ Յունաստանի միջեւ) յարաբերութիւններու մէջ ստեղծուած տագնապէն ետք, Յունաստանի դեսպանը վերադարձած է Պաքու, ուր իր պա­տասխանատուութիւննե­րու շրջանակին մէջ կապեր կը պահէ հաւատարմագրուած երկրին հետ եւ կը հետեւի տեղական զարգացումներուն։ Նաեւ, նկատի առնելով մեր երկրին՝ Եւրոպա­կան Միու­թեան ան­դամ ըլլալու հան­գա­ման­քը, դեսպանութիւնը իր գործունէութիւնը կը համադրէ մեր գործընկերներուն հետ միասնաբար։ Այս պատճառով, յոյն դեսպանին կողմէ ատրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարու­թեան հրաւէրին ընդունումը, նման հրաւէրներու դէմ շարունակական վեց մերժումներէ ետք, որոնք արդէն ընդունելի դարձած էին եւրոպական այլ դեսպանութիւններու կողմէ՝ որեւէ պարագային կարելի չէ ընդունիլ իբրեւ հիւրընկալող երկրի տեսակէտներու որդեգրում կամ արարքներու ճանաչում, մանաւանդ՝ «մաս­նակ­ցու­թիւն տոօնա­կա­տա­րու­թիւններուն»։ Անիկա տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մադ­րու­թեամբ ան­դամ-եր­կիրներու, նպա­տակ ու­նե­նա­լով տեղւոյն վրայ դի­տար­կե­լ եւ ար­ձա­նագ­րե­լ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը՝ ար­տա­քին գոր­ծերու նախարա­րու­թեան ճշգրիտ տե­ղե­կութիւն փո­խան­ցե­լու հա­մար»։

Ահա այն հարցերը, որոնք կ՛առնչուին արտաքին գործոց նախարարի պատասխանին.

1) Կը թուի, թէ ան չի հասկնար, որ թշնամի պետութեան զիջելու դեսպանին գործողութիւնները կը խաթարեն Յունաստանի սեփական եւ Հայաստանի շահերը:

2) Ատրպէյճան Յունաստանի բարեկամը չէ: Ինչպէս յիշեց արտաքին գործոց նախարարը իր նամակին մէջ, անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Յունաստանի դեսպանին հաւատարմագրերու յանձնման ժամանակ, նախագահ Ալիեւ անպատշաճ եւ ոչ դիւանագիտական ձեւով ըսաւ անոր «Ես կրնամ Ձեզի ըսել, եւ ասիկա գաղտնիք մը չէ, որ Թուրքիա ոչ միայն մեր բարեկամը եւ գործընկերն է, այլեւ եղբայրական երկիր է մեզի համար: Մենք առանց որեւէ երկմտանքի կ՛օգնենք Թուրքիոյ եւ կ՛օգնենք անոր, որեւէ պարագայի: Մենք կ՛օգնենք անոնց (Թուրքիոյ) բոլոր տեսակի հարցերու մէջ, որոնց շարքին՝ Արեւելեան Միջերկրական ծովու հարցը»:

3) Արտաքին գործոց նախարարը իր նամակին մէջ նշած է, որ եւրոպական այլ երկիրներ նոյնպէս ընդունած են ատրպէյճանական հրաւէրը: Ան անտեսեց այն հանգամանքը, որ եւրոպական քանի մը մեծ երկիրներ, որոնց շարքին՝ Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Փորթուկալ, Սպանիա եւ Չեխիա, ի յաւելումն Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու, հրաժարեցան մասնակցիլ դէպի Շուշի ատրպէյճանական քարոզչական պտոյտին: Նոյնը պէտք է ընէր Յունաստան․․․

4) Արտաքին գործոց նախարարին այն արդարացումը, թէ Յունաստանի դեսպանին այցը Շուշի՝ նախատեսուած էր տարածքին մէջ դիտարկումներ ընելու համար, ծիծաղելի է: Յունաստանի դեսպանին պարզապէս խաբէութեամբ դրդած են մասնակցելու Ատրպէյճանի կազմակերպած շքերթին՝ պարծենալու համար հայկական պատմական շրջանի, անոր բնակիչներու եւ  կրօնական վայրերու բռնագրաւմամբ եւ ոչնչացմամբ՝ միջազգային իրաւունքի խախտումով։

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը ճիշդ նշեց Յունաստանի եւ Հայաստանի բարեկամութեան մասին: Սակայն, այսպիսի բարեկամութիւն մը պէտք չէ սահմանափակուի դատարկ յայտարարութիւններով, այլ պէտք է ցոյց տրուի յստակ գործողութիւններով եւ ոչ թէ պարզապէս խօսքերով:

Ինչպէս գրած էի նախորդ յօդուածիս մէջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է Երեւանի մէջ իր դեսպանը անմիջապէս ուղարկէ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ՝ այդպէսով հատուցելու համար Պաքուի իր գործընկերոջ Շուշի կատարած վիրաւորական այցելութիւնը։ Եթէ ոչ, Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ տեղւոյն հայ համայնքը պէտք է անմիջապէս հանդիպում ունենան Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ եւ պահանջեն, որ ան անյապաղ  պաշտօնազրկէ  արտաքին  գործոց նախարարը եւ Ատրպէյճանէն յետս կոչէ իր դեսպանը:

Ալիեւի հրահանգներուն Հնազանդելով` Յունաստանի դեսպանը դաւաճանեց ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Յունաստանի շահերուն: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ Հայաստանի եւ բարեկամ այլ երկիրներու շարքերը ամբողջացնելու փոխարէն՝ Յունաստան  իրմէ կը վանէ իր սեփական դաշնակիցները:

Ես դեռ կը սպասեմ, որ Հայաստանի վարչապետը Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերերկրացի դեսպաններուն համար կազմակերպէ պտոյտ մը դէպի Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, հակազդելու համար Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած Շուշի այցելութեան։ Ասոր համար, սակայն, նախ պէտք է, որ Նիկոլ Փաշինեան արտաքին գործոց նախարար մը նշանակէ:

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...