Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Սոչիի բանակցութիւններուն մէջ Խրիմի թեման պիտի չքննարկեն, ըսած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։
«Խրիմի առումով թրքական կողմին հետ քննարկելու բան չկայ։ Բացի այդ, նախագահը քանիցս հրաւիրած է նախագահ Էրտողանը Խրիմ, որպէսզի պարզապէս տեսնէ, թէ ինչ կայ այնտեղ իրականին մէջ», ըսած է Փեսքով:
Քրեմլի ներկայացուցիչին խօսքով՝ բանակցութիւնները պիտի ընթանան «առանձնազրոյցի» ձեւաչափով՝ թարգմանիչներու մասնակցութեամբ։ Փեսքով նախապէս ըսած էր, որ բանակցութիւններու արդիւնքներով փաստաթուղթերու ստորագրութիւն չի սպասուիր, այլ կը նախատեսուի քննարկել «ռուս-թրքական գործընկերութիւնը քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական ոլորտներուն մէջ»։
Ռուսաստանի նախագահի մամուլի ծառայութենէն աւելցուցած են, որ «տեղի պիտի ունենայ նաեւ մտքերու հանգամանալից փոխանակում հրատապ միջազգային հարցերու վերաբերեալ, ընդ որում իրավիճակի զարգացումը Սուրիոյ, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի եւ Անդրկովկասի մէջ»։