image

Ըստ Փեսքովի՝ Արցախի հարցը քննարկուած է երկու անգամ

Ըստ Փեսքովի՝ Արցախի հարցը քննարկուած է երկու անգամ

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, քննարկուած է իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գիծին վրայ:

Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Քննարկուած է Ղարաբաղի մէջ շփման գիծին վրայ իրավիճակը», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ՀՀ կառավարութենէն յայտնած էին, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:  Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը, որը վարչապետ Փաշինեանը գնահատել է լարուած:

Վերջինս հարցադրում կատարած է տուեալ իրավիճակին մէջ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններու հետաքննութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ ընդգծած ռուս խաղաղապահներու կողմէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ելման դիրքեր վերադարձնելու պահանջին անհրաժեշտութիւնը: Երկու երկիրներուն ղեկավարները պայմանաւորուած են ջանքեր գործադրել ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ: