image

Ըստ Պայրամովի. Սահմանազատման յանձնաժողովը վարչապետներու մակարդակով

Ըստ Պայրամովի. Սահմանազատման յանձնաժողովը  վարչապետներու  մակարդակով

Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի նախագահին եւ ԵՄ խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ Աապրիլ 6-ին կայացած հանդիպումէն յետոյ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն մէկն այն էր, որ պիտի ստեղծուի սահմաններու սահմանազատման հարցերով յանձնաժողով: Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոզ նախարար Ճեյհուն Պայրամովը:

Ան նշած է, որ առաջին հանդիպումը կը նախատեսուէր կայացնել մինչեւ Ապրիլի վերջ. «Կրնամ նշել, որ մինչ հանդիպումը կայացած է երկու հեռախօսազրոյց իմ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին միջեւ, որոնց ընթացքին Ատրպէյճանը իր առաջարկները ներկայացուցած է յանձնաժողովի կազմին վերաբերեալ: Ատրպէյճանի առաջարկը այն էր, որ յանձնաժողովը պէտք է կազմակերպուի այլ ձեւաչափով, այսինքն` անձը, որ պիտի ղեկավարէ յանձնաժողովը, ըլլայ վարչապետի մակարդակով: Առաջին հեռախօսազրոյցին ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը այդ ըմբռնումով ընդունեց` ըսելով, որ այս առաջարկը Հայաստանի մէջ քննարկելու համար աւելի շատ ժամանակ պէտք է: Այնուհետեւ հայկական կողմը յայտարարեց, որ այս առաջարկը իրենց համար ընդունելի է: Կողմերու միջեւ յանձնաժողովի կազմին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն կայ: Ատրպէյճանական կողմը արդէն պատրաստ էր այս հանդիպումը կայացնելու Ապրիլին: Երբ հայկական կողմը կ'աւարտէ իր ընթացակարգերը, հանդիպումը կրնայ կայանալ», յաւելած է նախարարը: