image

Ըստ Էրտողանի սէուտցիներուն հետ «հարցերը լուծուած են»

Ըստ Էրտողանի  սէուտցիներուն հետ «հարցերը լուծուած են»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ բազմաթիւ հասարակաց կէտեր ունի, եւ անոնց հետ «տարակարծութիւնները շրջանցեցինք»:

Ըստ անոր, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ տարակարծութիւնները «մէկ ընտանիքի մէջ տարակարծութիւններ են, եւ անոնք շրջանցուեցան»:

«Ռիատի եւ Ապու Տապիի հետ տարակարծութիւնները շրջանցեցինք եւ առեւտուրի, ճարտարարուեստի, պաշտպանական ճարտարարուեստի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները արագօրէն զարգացնելու ծրագիրներ հաստատեցինք, եւ ատոր համար քայլեր կ՛որդեգրենք», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահը:

Ան ակնարկեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Խալիֆա պըն Զայետ Ալ Նահիանի մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնելու համար վերջերս Ապու Տապի կատարած իր այցելութեան եւ ըսաւ. «Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները եւս դէպի աւելի դրական ուղղութեամբ կ՛ընթանան»` վստահութիւն յայտնելով, որ նշեալ երկու երկիրներուն նկատմամբ Թուրքիոյ քայլերը շատ կարեւոր նպաստ պիտի բերեն, ըլլայ այդ առեւտրական, թէ քաղաքական ոլորտներուն մէջ:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: