Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ ԵՄ–ն ազնիւ միջնորդ է եւ Պրիւքսէլի մէջ Մայիսի սկիզբը կը սպասուի ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպում:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի կայացնել Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ», ըսաւ ան:
Կարճ ժամանակ անց` կէսօրին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց Ալիեւին, նշելով, որ իրենք նման տեղեկութիւն չունին:
Քիչ անց, ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հաստատած է Ալիեւի ըսածը. ԱԽ քարտուղարը ըսած է․ «Երկուշաբթի` Մայիս 2-ին, Պրիւքսէլի մէջ կը հանդիպեմ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Եթէ մենք կարողանանք այն բոլոր հարցերի պատասխանները ստանալ Պրիւքսէլում, ապա կարող ենք նաեւ քննարկել երկրի առաջնորդների մակարդակով հանդիպում Պրիւքսէլում»: