Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեանց ղեկավարի գրասենեակը հրապարակած է ԱՄՆ հետախուզական համայնքի չգաղտնազերծուած սպառնալիքներու գնահատման տարեկան զեկոյցը, որու համաձայն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը մնան լարուած եւ երբեմն անկայուն՝ հաշուի առնելով խաղաղութեան պայմանագիրի բացակայութիւնը, միջպետական սահմանին ռազմական ուժերու մօտ ըլլալը, հրադադարի ռեժիմի կեանքի կոչման մեքենականութեան պակասը եւ Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը՝ կիրառելու չափորոշուած ռազմական ճնշում՝ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն իր նպատակները առաջ տանելու համար:
«Սահմանազատուած սահմանի երկայնքով եւ անոր մօտակայքով ռազմական ուժերու շարունակական ներկայութիւնը կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուած առճակատման վտանգը, թէեւ նման առճակատումները հաւանական է, որ սահմանափակուած ըլլան տեւողութեամբ եւ ուժգնութեամբ», - ըսուած է զեկոյցին մէջ:
Նաեւ նշուած է, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները որոշակի առաջընթաց գրանցած են, բայց ամենադժուար հարցերը` կապուած պետական սահմաններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապագային հետ, հեռու են լուծուելէ: