image

Ըստ Ալիեւի` հայկական ազգանուն կրողները կրնան Պաքու այցելել

Ըստ Ալիեւի`  հայկական ազգանուն  կրողները կրնան  Պաքու այցելել

Ատրպէյճնի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ հայկական ազգանունով տարբեր պետութիւններու քաղաքացիները «կրնան ազատօրէն գալ Ատրպէյճան»:

Պատասխանելով լրագրողներու դիտարկման, թէ հայկական ազգանուններով քաղաքացիներու մուտքը Ատրպէյճան արգիլուած է, Ալիեւ ըսած է, որ այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան, եւ հանրապետութեան մէջ «ցեղային հիմքով մուտքի արգելք չկայ»:

«Բազմաթիւ այցելութիւնները կը վկայեն այդ մասին: Հայաստանի հաւաքականը կը մասնակցէր մարզական միջոցառումնեուին, ինչպիսիք են Եւրոպական խաղերը: Նոյնիսկ կը յիշեմ, որ անձամբ արծաթէ մետալ յանձնեցի Ուքրանիոյ մէկ ներկայացուցիչի, որ ազգութեամբ հայ էր», ըսած է Ալիեւ:

Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը այցելած էր Պաքու:

«Ան այցելած էր Պաքուի հայկական եկեղեցին եւ զարմացած էր, որ այս եկեղեցւոյ մէջ մենք աւելի քան 5 հազար հայերէն գիրք կը պահենք, ինքն ալ անոր վկան է: Ես կրնամ բազմաթիւ նման օրինակներ բերել` պատգամաւորներ, հասարակական գործիչներ, հայկական արմատներով այլ երկիրներու քաղաքացիներ», նշած է Ալիեւ:

«Մենք պատասխանատու ենք մեր քաղաքացիներու եւ մեր հիւրերու անվտանգութեան համար, հետեւաբար մեր խնդրանքն էր, որ այն պարագային, երբ Հայաստանի քաղաքացիները կամ հայկական ազգանունով անձեր գան Ատրպէյճան, տեղեկացնեն համապատասխան մարմինները, մասնաւորապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի Ռուսաստանին: Եղած էին դէպքեր, երբ մուտքը արգիլուած էր, սակայն պատճառը այն էր, որ այդ կարգը չէր պահպանուած», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը: