image

Ընթացք առաւ ընդդիմութեան հանրահաւաքը՝ Բաղրամեան պողոտայի վրայ

Ընթացք առաւ ընդդիմութեան հանրահաւաքը՝ Բաղրամեան պողոտայի վրայ

 

Բաղրամեան պողոտայի վրայ իր հերթական հանրահաւաքը հրաւիրած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը:

 

Նախորդ հանրահաւաքի աւարտին շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը յայտարարած էր. «Շաբաթ օրը մի հատ հսկայական հանրահաւաք կ'անենք, որտեղ ցոյց կը տանք, որ ամբողջ ժողովուրդն է դրան մասնակցում»:

Յիշեցնենք, որ արդէն տեւական ժամանակ է, որ ընդդիմութիւնը շուրջօրեայ նստացոյց կ'իրականացնէ Բաղրամեան պողոտային վրայ: Այստեղ վրաններ տեղադրուած են, պողոտան փակ է: