image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութիւնը Արցախի դրօշը տեղադրելէ ետք հեռացաւ ԱԺ դահլիճէն

Ընդդիմութիւնը Արցախի դրօշը տեղադրելէ ետք հեռացաւ ԱԺ դահլիճէն

Ազգային ժողովը այսօր՝ Ապրիլ 12-ին իր հերթական քառօրեայ նիստերը գումարած է: Օրակարգին ընդգրկուած է 25 հարց:

Հայաստանի եւ Արցախի առաջ լրջագոյն մարտահրաւէր ծառացած են` պայմանաւորուած համաշխարհային ճգնաժամով եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հակահայ վարքագծով: Այս մասին ԱԺ ամպիոնէն յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը:

«Հայաստան եւ Պատիւ ունեմ» դաշինքների նախաձեռնած հանրահաւաքում մեր հայրենակիցների կողմից նշուեցին երկրի անվտանգութեանն առնչուող այն կարմիր գծերը, որից այն կողմ որեւէ իշխանութիւն իրաւունք չունի քայլ անել: Մեզ համար սակարկելի չեն ՀՀ անկախութեան հռչակագրում նշուած դրոյթները, մեր տրածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը: Անընդունելի ենք համարում ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որի դէպքում Արցախը կարող է յայտնուել Ատրպէյճանի կազմում: Համոզուած ենք, որ Հայաստանի օրուայ իշխանութիւններն անկարող են լուծել ներքին ու արտաքին բազմաթիւ խնդիրներ: վերջին զարգացումները հաստատում են այն մտահգութիւնները, որ ամէն ինչ ընթանում է ատրպէյճանաթուրքական օրակարգով, կայ պառնալիք ՀՀ տարածքային ամբողջականութեանը, վտանգուած է Արցախը:

Ելնելով ստեղծուած իրավիճակից` խորհրդարանական ընդդիմութիւնը յայտարարում է, որ չի մասնակցելու այս շաբաթուայ նիստերին ու քուէարկութիւններին, մենք մեկնում ենք Արցախ ու ՀՀ սահմանամերձ մարզեր»,  յայտարարեց Սէյրան Օհանեան ու վերահաստատելով իրենց դիրքորոշումը՝ ըսաւ, որ Հայաստանի Հանապետութեան դրօշի առկայութեան կը տեղադրէ Արցախի Հանրապետութեան դրօշը, ու զայն տեղադրեց ամպիոնին եւ հեռացաւ դահլիճէն:

Սէյրան Օհանեանն ու ընդդիմադիր միւս պատգամաւորները Արցախի դրօշներ տեղադրեցին սեղաններուն: