image

Ընդդիմադիր գործիչներ Նարեկ Սամսոնեան եւ Վազգէն Սաղաթէլեան՝ ձերբակալուած

Ընդդիմադիր գործիչներ Նարեկ Սամսոնեան եւ Վազգէն Սաղաթէլեան՝ ձերբակալուած

Ձերբակալուած է «Քաղաքացիական գիտակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Նարեկ Սամսոնեանը։

Քննչական կոմիտէի նախագահի մամուլի քարտուղար Գոռ Աբրահամեանը յայտնած է, որ Սամսոնեանը ձերբակալուած է Քննչական կոմիտէէն ներս քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 3-րդ կէտերու յատկանիշներով (խումբ մը անձանց կողմէ տեղեկատուական կամ հաղորդակցական միջոցները օգտագործելով խուլիգանութիւնը)։

Համացանցի մէջ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ իրաւապահները Սամսոնեանը կը ձերբակալեն գետնին տապալելով։

Նարեկ Սամսոնեանի ձերբակալման վերաբերեալ համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթի առնչութեամբ Մարդկային իրաւանց պաշտպանի յանձնարարութեամբ սկսած է ուսումնասիրութիւն, որու շրջածիրէն ներս արագ արձագանգման այց իրականացուած է։

 

Ձերբակալուած է նաեւ Վազգէն Սաղաթէլեանը

Աւելի ուշ ձերբակալուած է նաեւ ՀՀԿ-ական նախկին պատգամաւոր Արման Սաղաթէլեանի եղբայրը՝ Վազգէն Սաղաթէլեանը։

Վազգեն Սաղաթէլյանն ու Նարեկ Սամսոնեանը միասին կը վարեն «Իմնեմնիմի» փոտքասթը։

Քննչական կոմիտէն հաղորդած է, որ քրէական հետապնդումը յարուցուած է այն բանի համար, որ Սամսոնեանն ու Սաղաթէլեանը «տեղեկատուական եւ հաղորդակցական տեխնոլոգիաներն օգտագործելով, նշուած հաղորդման ընթացքում հանդիսանալով տուեալ հաղորդման վարողներ, գիտակցելով բազմահազարանոց լսարանի առկայութիւնը, ուղղակի դիտաւորութեամբ կատարել են խուլիգանութիւն, այն է՝ հասարակութեան նկատմամբ անյարգալից եւ բարոյական նորմերի նկատմամբ բացայայտ արհամարհական վերաբերմունք դրսեւորելով, հայհոյանքներ եւ անպարկեշտ արտայայտութիւններ են հնչեցրել ՀՀ կառավարութեան անդամների եւ իշխանութեան ներկայացուցիչների հասցէին»։