Ուշագրաւ գրութիւն մ՚ունի Կոստան Զարեանը վերտառուած՝ «Հայուն Յիսուս»ը։ Միշտ ալ սիրելով կարդացուելիք գրութիւն, որ քրիստոնէական հաւատքի ընկալումներէն աւելին կը փորձեն քննել Տէրոջ իսկական կերպարը եւ անոր երակներուն մէջ մտնել արուեստի ընկալումներով։
Գուցէ այդ ընկալումն է նաեւ, որ մեզմէ շատերուն համար պատեհ առիթ մը դարձաւ որ դուրս հանենք Քրիստոսի կերպարը իր «աւանդական» ընկալումներէն ու փորձենք անոր մեծ առաքելութեան նայիլ փոխակերպօրէն, այլ ճանապարհներով, որոնցմէ անցած է ինքը տիեզերքի մեծ փրկիչն ու Աստուածը։
Խորքին մէջ բազմիմաստ է Քրիստոսի առաքելութիւնը։ Անոր կեանքը, հրաշագործութիւնները, ծառայասիրութիւնը, նուիրական խօսքերը եւ մէկ խօսքով աստուածութիւնը ունին բազմապիսի առանցքներ։
Առանցքներ, որ կը գոյացնեն մեր բոլորին ունեցած պատկերացումները եւ գուցէ այդ ճամբով ալ մեզի կը տանին դէպի յաւիտենութեան իսկական ու վերջնական ուղին։
Միայն աղօթքի Աստուածը չէ Քրիստոս։ Միայն կրօնական շղարշի, ապաշխարհութեան, վանականականութեան եւ առհասարակ կրօնքի Աստուածը չէ ԱՆ։ Այլ մարդուն Աստուածն է։
Այս բոլորին մասին մտորելու առիթ ունեցայ յատկապէս վեր հանելով 2011 թուակիր գրութիւն մը, որ կը ներկայացնեմ ստորեւ։
Ամէնաուշագրաւը այս բոլորին մէջ Քրիստոսի կերպարը լոյսին հանելու փորձ մըն էր, որ կատարած էի ատենօք եւ որուն հիմնական նպատակը մէկ բան էր։ Տէրոջ կերպարին մերձենալ այլ տեսանկիւնէ, այլ ընթացքով, ամէնօրեայ կեանքի եւ ամէնօրեայ ոգիի որոնումներով եւ խնդիրներով։ Անշուշտ քաջավստահ չեմ, թէ այդ փորձը ինչքանով ընկալելի պիտի ըլլայ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն, կրօնական գործիչներուն եւ առաջնորդ հայրերուն համար, բայց եւ այնպէս գրութիւնը պարզապէս առիթ մըն էր վերաքննութեան ենթարկելու այն ամբողջ արժէհամակարգը, որուն մէջ կը տուայտինք մենք։
Ի վերջոյ քրիստոնէութիւնը, իր ամենատարբեր առանցքներով, իր երանաւէտ հայրերով եւ անժամանակ ուսմունքներով ու մեծ տեսլականով մեծ ամբողջը իր մէջ տարբաղադրող համամարդկային կրօն է, որուն ուխտեալները միշտ չէ, որ խօսքէն աւելի մղուած են սուրբ խօսքին չափ, սուրբ եւ անմահ գործը տարածելու եւ կատարելու։ Ու գուցէ այդ բոլորին համար է, որ Քրիստոսի իրական կերպարը շատ մերձ է ընկերվարութեան համար, արդարութեան եւ աշխարհի մաքրութեան համար մաքառող նուիրեալներու կերպարին։
Յիսուս հաճութեան, բարիքի, խոնարհութեան խորհրդանիշ ընտրեց մսուրը: Սուրբ կոչեցին այդ մսուրը ուր ծնաւ: Ան մարմին առաւ, աւետիսներ հնչեցին իր ծնունդին համար ու առթիւ: Ուզեց աշխարհը փոխել, խորհուրդ տուաւ, քարոզեց Ձիթենեաց լեռան վրայ, վայրերը իր անունով արժէք ստացան, Սուրբ Տեղիք, Երուսաղէմ, Գալիլիա, Նազարէթ…
Իրմէ ետք ժամանակը ստացաւ նոր օրինաչափութիւն. ժամանակը իրմով ստացաւ նոր երանգ, նոր թուագրութիւն եւ նոր օրացոյց: Այսպէս երկու հազար եւ աւելի տարիներ: Կրցաւ իր ժամանակին մէջ հաւաքել մարդկութեան, ծայր չունեցող հարցադրումները, հաւատամքը, օրէնքները եւ խիղճը:
Քրիստոս խղճի Աստուածն է։
Քրիստոս արդարին, աղքատին եւ թշուառին դատին համար մաքառեցաւ եւ բարձրացաւ խաչ: Ոչ անոր համար, որ խաչելութիւնը փառաբանուի, կամ սուգի մեղեդիներով յիշատակուի իր չարչարանաց օրհասը,այլ անոր համար որ յիշենք ու ապրինք իր նուիրումին իմաստը:
…
Աշխարհը` հզօր, գունաւոր եւ տարբեր երանգներով աշխարհ: Կիտուած, ասեղուած ու բզկտուած աշխարհ, վիրաւոր ու թունաւոր աշխարհ: Մահացող ու ցաւէն կոտտացող աշխարհ: Վէրքին մէջ մտնող, վէրքի սաւանով փաթթուող աշխարհ, սուր աշխարհ, շատերուն համար նաեւ սուտ աշխա՜րհ:
Մեռելները կը սպասեն յարութեան կանչին, իսկ ողջերն անոր կը տատանին մահուան ու կեանքին միջեւ:
Սէր գինի եւ երազ:
Խինդ, կին ու լուսաւոր առաւօտներ:
Ռէհան, սուրճ եւ տրամ:
Բանաստեղծութիւն, վէրք եւ ճանապարհներ …
…
Այս բոլորը այս աշխարհին մէջ, սէր ատելութիւն ու ոխ:
Հայ գրողներուն կարմիր կացինը: Չարենցի լուսապսակը մեր գլխուն ի վերուստ դրուած եւ Յիսուսի հին պատկերը, սրբութեան կաղմարաներուն մէջ թաթխուած իբրեւ արժէք, մեղքէն ու չարութիւնէն յետոյ վերադառնալու սրբութեան նշխարհին:
Աշխարհ, ուր կայ հզօրաձայն Տէր Ողորմեան, աղօթքի պահը կայ եւ կայ խնկելու ժամանակը:
Անդին կայ հեթանոսութեան կոտտացող ու փակուած ձայնը, որ դարերէ ի վեր մէջս է ու մէջդ նաեւ քու ,որ կուզէ պոռալ ու խօսիլ նոյն այն լեզուով, որ կը գրեմ հիմա սա պահուն:
Ու այս ամէնինչին մէջ բացառիկ է տօնին առաւօտը, երբ մեղքերդ սպի դարձնելուվ կը մօտենաս արեւուն փառաբանումը ընելու, ծալլելու անցած օրերուն հիւանդ ժամերը, հիւանդ տրամները եւ փոխարկեպումդ, ուր պալարներու մէջ խեղդուած ձայնդ կուզէ բարի երգ մը երգել …
Փոքրերուն աչքերուն մէջ պիտի փնտռես քրիստոնէութեանդ իմաստը: Պիտի բնակիս անոր աչքերուն մէջ.
Թոյլ պիտի տաս որ մաքրուի վէրքդ քեզմէ …
Դուն զքրիստոս չճանչցար ու շատեր այդպէս կ’ըսեն ականջիդ:
Դուն Քրիստոսի ձայնը չուզեցիր լսել, շատեր այդէս կը փսփսան քեզի ….
Արիւն, անցում եւ փոխակերպում:
Յաւիտենական չար-բարի կռիւին մէջ, պիտի լարես երակներդ, որպէսզի չդառնաս հերքող, չընդունող եւ դրժող մեղաւորեալ:
Դուն քրիստոսի սիրտէն խմէ, Գինին արիւն էր հինէն:
Դուն քրիստոսի մարմնէն կեր, զի ցորեանի հասկերուն մէջ է խաղաղաութեանդ հատիկը:
Կարմիր–կարմիր ցորենի հատիկներ:
Քրիստոս մեծ ընկերվարական էր նախ եւ առաջ: Պիտի ատէր դրամը, պիտի ատէր սադայէլին փորձութիւնը:
Ան խաչ եղաւ: Խաչի պէս բնակեցաւ մեր արմատներուն մէջ:
Սուրբ էր անոր մսուրին անունը եւ պարզուկ:
Աղքատ ու հեզ երդիքներուն տակ ինչ սքանչելի է անոր ծնունդը:
Աշխարհի բոլոր տնակներուն, բոլոր բանտարկեալներուն եւ վիրաւորներուն համար ծնաւ Յիսուս …
Իր ճանապարհը անոնց ճանապարհն է, որմէ կը քալեն ու պիտի քալեն … ով գիտէ մինչեւ ուր …
Միշտ սակայն մտաբերելով, որ Յիսուս մնաց ընկերվարական, մինչեւ ողնուծուծը ու երբեք չդաւաճանանեց իր ըմբռնումներուն:
Աղքատին հետ կիսեց իր հացը,
Սեղան նստաւ մեղաւորին հետ:
Մաքսաւորը վերածեց առաքեալի:
Ջահը դրաւ Աշտանակին վրայ…
…
Յիսուս Ընկերվարական մնաց, մինչեւ վերջին շունչը:
Խմեց քացախ, գինի չբերին, երբ կը հատնէր իր շունչը:
Երկրպագելի է ան:
Սագօ Արեան