Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Մայիս 9-ին պիտի մեկնի Պեռլին եւ բանակցութիւններ վարէ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ:
Սա պիտի ըլլայ Մաքրոնի առաջին արտասահմանեան այցը նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէ յետոյ, «ինչ որ եւս մէկ անգամ պիտի ընդգծէ ֆրանս-գերմանական յարաբերութիւններու ամրութիւնը»:
Մաքրոնն ու Շոլցը, ի թիւս այլ հարցերու, պիտի քննարկեն իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ եւ «եւրոպական ինքնիշխանութեան համար մարտահրաւէրները», յայտնած են Էլիզէի պալատէն: