Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն յայտնած է, թէ ով պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ բանագնացը։
Թրքական Hurriyet–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն յայտնած է, որ հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ բանագնաց նշանակուած է Սերտար Քըլըճը։
Սերտար Քըլըճ ծնած է 1958 թուականին, Սեւծովի ափին գտնուող Սամսուն քաղաքին մէջ։ Աշխատած է Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ, Ազգային անվտանգութեան խորհուդին մէջ, Արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ, եղած է տարբեր երկիրներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան։ 2014-2021 թուականներուն հանդիսացած է ԱՄՆ–ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը։ Ետ կանչուած է Անգարա 2021 թուականի փետրուար 23-ին։