ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր դիմատետրեան էջին տեսանիւթ հրապարակած է, ուր ծաղիկներ կը խոնարհէ Երեւանի Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցին յարակից այգիին մէջ կանգնեցուած «Ազդեցութիւն եւ հակազդեցութիւն» յուշարձանին։
«Յարգանքի տուրք՝ 2008 թ. մարտի 1-ի զոհերի յիշատակին», - տեսանիւթին կից գրած է վարչապետը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները եւս ծաղիկներ խոնարհած են յուշարձանին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 2008 թուականի մարտ 1-ի զոհերու յիշատակին, յայտնած են Ազգային Ժողովէն: