Թուրքիա- 100 Բողոքաւորներ յարձակած են Hurriyet պարբերականի Պոլսոյ խմբագրատան վրայ: Ցուցարաները քարեր նետած են շէնքի պատուհաններուն ուղղութեամբ եւ կոտրած են պատուհաններու ապակիները:Լսուած է կրակոց: Պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Սէտաթ Էրկին CNN TURK -էն խօսելով խոր մտահոգութիւն յայտնած է կատարուած դէպքերուն առընթեր եւ ըսած, որ ապահովական մարմինները կը դերանան իրենց պարտականութեանց մէջ: «Ինչպէս կրնան վախն ու ժողովրդավարութիւնը կողք- կողքի գոյատեւել ու ապրիլ» նշած է Էրկին : Նշենք, որ 6 Սեպտեմբերին ցուցարարները գրոհած էին թերթի Անգարայի գլխաւոր գրասենեակներուն եւ տպարանին դէմ: Hurriyet-ի դէմ առկայ բողոքի ալիքը աճած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի դէմ հրապարակուած մէկ յօդուածին հետեւանքով: Վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու Twitter-եան գրառում մը կատարելով դատապարտած էր գրոհները: Տեսնելու համար թերթի խմբագրատան վրայ կատարուած յարձակումները սեղմել ՝ այստեղ: