Յակոբ Այնթապլեանի դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝
Հասցէն՝ Պուրճ Համուտ
Կիլիկիա թաղ
Հազիւ աչքերս քուն անցած հեռաձայնս կը հնչէ։
04-ով թիւ մըն է
—Պր Յակոբն է՞
—Այո բարեւ ձեզ
—Պր Յակոբն է՞ Անճարցի՞ն
—Այո այո հրամմեցէք
—Յակո՞բն է
— Յիսուս Քրիստոս (աչքերս լաւ մը կը բանամ կը շտկուիմ կը հաստատեմ որ երազ չէ տեսածս)
—Քրի՞ստն է
—Տիկին ---Յակոբն է Անճարցին այո ըսէ ի՞նչ կուզես
—Յակո՞բը հա՞ հա՞ վաղը պիպէր պիտի իջեցնե՞ս Պուրճ Համուտ
— Այո անշուշտ
—է քանիի՞ կուտասկոր քիլօն
—եօթը ութը տասը նայած պիպէրի որակին
—ինչի՞ն
—Յանուն հօր եւ որդուոյ(աս ինչ փորձանք է հիմա) տեսակին
—հասակի՞ն
—Տիկին վաղը խանութ եկէք կը հասկցուինք
—խանութը գա՞մ. Նայիմ եթէ պէնզին կարկադրենք ես եւ քոյրս միասին պիտի գանք
—Սիրով տիկին սիրով
—Նայէ եթէ չկրցանք գալ ապսպրենքնէ դուն կը բերե՞ս
—Տիկին հոգիդ սիրեմ քրիզս մի հանէր հիմա պիպէր եթէ կուզեսկոր եկուր խանութս եւ հաշիւիդ եթէ գա գնէ այլապէս դուն գիտես
Գիշեր բարի
Այսօր շատ սպասեցի 04-ի շրջանէն երկու քոյրերու գալուն. այնպէս ալ չեկան.
Երեւի պէնզին չէր ճարած կամ արդեօք նեղացած է՞ր վարմունքէս
Յամենայնդէպս պիպէր չի մնաց խանութը այսօր
ՅԳ. Հիմա նստած կը մտածեմ արդեօք երա՞զ էր տեսածս
Անուշ քուն
Բարի երազներ