image

Ներսէս Թորոսեանի մահը. Գրառում անոր յիշատակին

Ներսէս  Թորոսեանի  մահը.  Գրառում անոր  յիշատակին

Օրերս Պէյրութի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է  Պէյրութահայ գործարար   Ներսէս Թորոսեանը (յայտնի Ճանէ Յակոբ անունով)։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 Նշենք, որ հանգուցեալը երկար տարիներ  եղած է ճարտար  առեւտրական ու նաեւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նեցուկ ցոյց տուած համայնքային կառոյցներուն։

Ի դէպ  Ներսէս Թորոսեանի   վիճակը կտրուկ վատացած էր  անոր տիկնոջ  Սեդայի  մահուան բօթը ստանալէն ետք։ 

Երկար տարիներ  Ներսէս  եւ  Սեդա Թորոսեաններ  հայաշունչ ընտանիքի մը գլուխը ըլլալով կարողացած են    յաջողութեան ճանապարհներ կերտել իրենց երեք որդիներուն համար, միշտ հաւատարիմ մնալով հայկական ազգային պատկանելիութեան։

Այս  առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր աւագ որդւոյն՝ Արա Թորոսեանին։

 Նշենք, որ այս առթիւ   յուզիչ գրառում մը կատարած է մեր հայրենակից Սագօ  Գրիգորեանը , որուն  հայրը՝ Վարուժը  եղած է հանգուցեալի հաւատարիմ ընկերը եւ անոնց սերտ ընկերութիւնը տեւած է 60  տարի։ Սագօ Գրիգորեանի գրառումը կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Սիրելի Ամմօ Ներսէսին յիշատակին։

60 տարուայ հօրս անկեղծ եւ մտերիմ ընկերը,60 տարիներ միասին անցուցիք կեանքի բոլոր հանգրուանները,ուրախ ու տխուր առիթները,հարկ եղած տեղին հասաք իրարու,եղբայրական անկեղծ հոգիով, եւ 60 տարիներ շարունակ առաւօտեան կանուխ ժամերու ձեր սուրճը միասին խմեցիք ...։

 Այդ սուրճը իսկապէս ունէր  տարբեր համ, եւ այսօր թաղեցիները  չունին այդ առիթը ձեր հետ սուրճը  վայելելու...։

Մեր երկու ընտանեկան յարաբերութիւնը  հիմնուած է տարիներու փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ վրայ ,որ տարիներ շարունակ մնաց ամուր եւ կայուն։

Ցաւած սրտով եւ արցունքոտ աչքերով վեց ամիսներ առաջ ճամբեցիր մտերիմ ընկերդ ՎԱՐՈՒԺԸ,օրին զիս մխիթարեցիք թէ կեանքը պիտի շարունակուի եւ համոզուինք,արդէն ստացանք ձեր անակնկալ մահուան լուրը,նոյնիսկ մահը ձեզ չբաժնեց ու կրկին միացաք։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ սիրելի Ամմօ Ներսէս այնտեղ ձեզ պիտի դիմաւորեն ձեր սիրելիները, բարեւնես ուղղարկեցէք հօրս։

Ննջեցէք խաղաղ ու հանգիստ։