image

Wall Street Journal. ««Պառաւները» կը ղեկավարեն աշխարհը...»

Wall Street Journal. ««Պառաւները» կը ղեկավարեն աշխարհը...»

«The Wall Street Journal»-ը գրած է, որ շատերուն կը հետաքրքրէ, թէ արդեօք աւագ սերունդի նախագահներն ու վարչապետները կրնա՞ն ղեկավարել 21-րդ դարու աշխարհը, որ արագօրէն կը վերաիմաստաւորուի արհեստական ​​բանականութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան  հետեւանքով։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը»  Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»։

Ամերիկեան «Wall Street Journal»-ը յայտնած է, որ աշխարհի մէջ շատ մը պետութիւններու ղեկավարներ տարեցներ են՝ այդ որակելով որպէս ոսկեդար քաղաքական գործիչներու համար՝ իրենց «ոսկեայ տարիներ»ուն։

Թերթը գրած է, որ «մէկ տասնամեակ առաջ աշխարհի տասը ամենաբազմամարդ երկիրներէն միայն մէկուն ՝ Հնդկաստանի ղեկավարը 70 տարեկան էր, իսկ այսօր այդ երկիրներէն ութն արդէն ունին եօթանասունը անց տարիքով առաջնորդներ,  բան մը աշխարհի բնակչութեան առնուազն կէսը կը դնէ այս օրուայ աշխարհին համար «ծեր» համարուող առաջնորդներու ձեռքը», աւելցնելով, որ «միւս երկու երկիրները, որոնց ղեկավարները տարեցներ չեն, եւ որոնք են՝ Ինտոնեզիան եւ Փաքիստանը, կ՚ակնկալուի, որ անոնք եւս այս ամիս կայանալիք ընտրութիւններէն ետք իշխանութեան ղեկին ունենան եօթանասունն անց երկու առաջնորդներ»։

Ըստ թերթի, իշխանութեան նրբանցքները նկատելիօրէն «պակաս մոխրագոյն» էին 2014 թուականի փետրուարին։ Պարաք Օպաման, որ այն ժամանակ 52 տարեկան էր, «գրաւած էր» Սպիտակ տունը։ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը   դեռ վաթսունի սկիզբն էին: Մինչ Էնրիքէ Փենիա Նիեթօն Մեքսիքայի մէջ՝  47-ամեայ երիտասարդ մըն էր։

Պարբերականը մատնանշած է, որ տարեց առաջնորդները իրենց մեծ տարիքը կը համարեն արժէք, այն ժամանակ, երբ Ուքրանիոյ եւ Կազայի մէջ պատերազմները, եւ մեծ տէրութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ մրցակցութիւնը կը փոխեն համաշխարհային կարգը:

Միւս կողմէն, շատերուն կը հետաքրքրէ, թէ արդեօք աւագ սերունդի նախագահներն ու վարչապետները կրնա՞ն ղեկավարել 21-րդ դարու աշխարհը, որ արագօրէն կը վերաիմաստաւորուի արհեստական ​​բանականութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան  պատճառով։

Քաղաքագէտները մտավախութիւն ունին, որ երիտասարդները կը հեռանան քաղաքականութենէն, եթէ զգան, որ «խրուած» են իրենց  աւագներու սերունդի քաղաքական գործիչներու հետ», գրած է Wall Street Journal-ը:

Թերթը յիշատակած է քաղաքագիտութեան փրոֆեսորի մը խօսքերն այն մասին, որ վտանգը կը կայանայ «օտարման յորձանապտոյտ»ի առաջացման մէջ, երբ տարեց թեկնածուները պատճառ կ՚ըլլան երիտասարդ ընտրողներու նուազ մասնակցութեան, ինչը քաղաքական գործիչներուն պակաս խթան կու տայ կեդրոնանալու երիտասարդներու շահերուն վրայ: