image

Wall Street Journal. Նաթանիահուի կառավարութիւնը «Կռիւի մէջ է, ինքն իր հետ»

Wall Street Journal. Նաթանիահուի կառավարութիւնը «Կռիւի մէջ է, ինքն իր հետ»

The Wall Street Journal-ը հաստատած է, որ լարուածութիւնը կ՚աճի Իսրայէլի ռազմական գրասենեակին մէջ այն ​​ժամանակ, երբ տարաձայնութիւնները կը կեդրոնանան պատերազմ վարելու եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման գործարքին շուրջ:

The Wall Street Journal-ը հաստատած է, որ լարուածութիւնը կ՚աճի Իսրայէլի պաշտպանութեան գրասենեակին (պատերազմական սեղմ կառավարութեան) մէջ, քանի որ անոր երեք անդամները կը մրցին քաղաքական ազդեցութեան համար եւ համաձայն չեն, թէ ինչպէս շարունակել պատերազմը Կազայի մէջ:

Պարբերականը պարզաբանած է, որ Կազայի պատերազմի պատճառով Սպիտակ տան եւ Իսրայէլի միջեւ «յարաբերութիւններու փլուզման վախէն», Պենի Կանց, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւոր մրցակիցն է եւ անոր պատերազմական սեղմ կառավարութեան նախարարը, ծրագրած է այցելել Ուաշինկթըն։

Թերթը պատմած է միջադէպի մասին, ըստ որուն, երբ Կանց տեղեկացուցած է Նաթանիահուին ԱՄՆ ուղեւորութեան մասին, վարչապետը զայրացած է եւ  ըսած. է «Մեր երկրին մէջ միայն մէկ վարչապետ կայ»։

Միջադէպը, որուն մասին  կը պատմեն իսրայէլացի պաշտօնեաները, կ՚արտացոլէ Իսրայէլի ղեկավարութեան միջեւ աճող լարուածութիւնը, քանի որ անոնք կը պայքարին քաղաքական ազդեցութեան համար. եւ տարաձայնութիւնները կը սրին պատերազմ վարելու եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման վերաբերեալ գործարք ապահովելու հարցերուն շուրջ:

Այդ տեղի կ՚ունենայ նաեւ Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական աղէտի պատճառով հրադադարի համար միջազգային ճնշման աճի եւ Իսրայէլի ամենակարեւոր դաշնակցի՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Նաթանիահուի ղեկավարութեան նկատմամբ աճող հիասթափութեան լոյսին  ներքոյ։

Ըստ իսրայէլեան  12-րդ հեռուստաալիքի բացայայտումներուն, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը հրահանգած է Բրիտանիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպանատան չհամագործակցիլ «Պատերազմի քապինեթ»ի անդամ Պենի Կանցի հետ Միացեալ Թագաւորութիւն կատարած այցի ժամանակ։

Հեռուստաալիքը աւելցուցած է, որ Լոնտոնի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան աշխատակիցները հրահանգներ ստացած են գրաւոր հաղորդագրութիւններ ուղարկել Կանցի մասին բրիտանացի պաշտօնեաներէն ստացուած հարցումներու վերաբերեալ։

Նշենք, որ Կանց Բրիտանիա պիտի մեկնի Ուաշինկթըն կատարած իր այցն աւարտելէ ետք, որ ան կատարած է առանց Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հաւանութեան, ինչը սրած է քաղաքական ճգնաժամը Իսրայէլի ղեկավարներուն միջեւ:

Խորացող  այս ճգնաժամը չի սահմանափակուիր միայն քաղաքական մակարդակով, այլ վէճերը կ՚ընդարձակին, ընդգրկելով Իսրայէլի բանակի սպայակոյտի պետ՝ Հերցի Հալեւին եւ այլ պաշտօնատարներ։

Այս կապակցութեամբ իսրայէլեան 12-րդ ալիքը յայտնած է Հալեւիի եւ նախարարներու միջեւ առճակատման մասին, որ հասած է գոռգոռոցի՝ վերջերս կայացած խորհրդակցական բանակցութիւններու ժամանակ։