Ամերիկեան Wall Street Journal-ը նշած է, որ ուքրանական բանակը կը տառապի իր ուժերու աճող պակասէն՝ նշելով, որ օրէնքի նախագիծը, որու նպատակն է ընդլայնել զօրակոչը, դեռ առկախ է Ուկրանիոյ խորհրդարանին մէջ։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»
Ամերիկեան Wall Street Journal-ը հաղորդած է, որ ուքրանական բանակը կը տառապի իր ուժերու աճող պակասէն՝ նշելով, որ քաղաքականութիւնը, ժողովրդագրութիւնը եւ բանակին միանալու ուքրանացիներու աճող դժկամութիւնը կը խոչընդոտեն երիտասարդներու հաւաքագրման ուղղուած ջանքերը:
Ան ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը նոր ուժերու խիստ կարիք ունին, սակայն «քաղաքական վարանումը առաջնագիծին գտնուող ստորաբաժանումները կը մատնեն անմխիթար վիճակի», նշելով, որ օրէնքի նախագիծը, որ ուղղուած է զօրակոչի ընդլայնման, ամիսներ տեւած քննարկումներէ ետք՝ կը շարունակէ առկախ մնալ Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ։
Ըստ թերթի, առաջարկուող փոփոխութունները «բաւականին խղճուկ» են, քանի որ անոնք կ՚առաջարկեն բանակի համալրման տարիքը 27-էն իջեցնել 25-ի, եւ որ զինուորները իրաւունք ունենան լքելու բանակը երեք տարի ծառայելէ ետք, ինչպէս նաեւ կ՚առաջարկուի տոյժեր կիրառել այն տղամարդոց դէմ, որոնք կը խուսափին զօրակոչին գրանցուելէ։
Այդուհանդերձ, խորհրդարանը, բախելով պայքարիլ չուզող բնակչութեան զգալի հատուածին հետ, «կը պայքարի» օրէնքին մէջ նոյնիսկ այս փոփոխութիւններուն հաւանութիւն տալու համար, գրած է թերթը։
Իր հերթին, իշխող կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆետեր Վենիսլավսքին ըսած է. «Մենք կը պայքարինք այս փոքր փոփոխութեան՝ տարիքը մինչեւ 25 տարեկան իջեցնելու համար, որովհետեւ այս օրինագիծը ժողովրդականութիւն չի վայելեր, սակայն անհրաժեշտ է, որ մենք աւելցնենք զօրակոչի ենթակայ մարդոց թիւը»։
The Wall Street Journal-ը հաղորդած է, որ անցեալ տարի Ուքրանիոյ խոշոր հակայարձակման ձախողումը եւ այդ գործողութեան ժամանակ տասնեակ հազարաւոր զինուորներու կորուստը «խախտեց ուքրանացիներու վստահութիւնը՝ տարածքներ վերադարձնելու իրենց կարողութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ սպառեց անոնց կենդանի ուժը»:
Թերթի աւելցուցած է, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր 18-էն 60 տարեկան տղամարդոց արգիլուեցաւ լքել երկիրը, հակառակ անոր որ միայն անոնք, որոնց տարիքը 27 տարեկանէն պակաս է, կրնան զօրակոչուիլ։
Թերթը հաստատած է, որ հարիւր հազարաւոր տղամարդիկ կը շարունակեն խուսափիլ զօրակոչի գրանցումէն, մինչ հաւաքագրողները փողոցներուն մէջ անցակէտեր կը տեղադրեն եւ կը ձերբակալեն մարտական տարիքի տղամարդիկը եւ կ՚ուղարկեն արեւելք՝ խրամատներ:
Որոշ տղամարդիկ թերթին պատմած են, որ զիրենք ծեծի ենթարկած են կամ մի քանի օր պահած են կալանքի տակ, ստիպելով, որ անոնք ստորագրեն իրենց զօրակոչի փաստաթուղթերը: Այդուհանդերձ, հարիւր հազարաւոր տղամարդիկ խուսափած են գրանցուելէ տեղի զօրակոչային գրասենեակին մօտ։
Թերթը նշած է, որ հասարակութեան բոլոր շերտերէն խումբեր կը դիմեն Ներկայացուցիչներու պալատ՝ նոր օրէնքով բացառութիւններ ստանալու համար։ Որոշ ընկերութիւններ նաեւ առաջարկած են հարկ վճարել՝ իրենց աշխատողները առաջին գիծէն հեռու պահելու համար:
Մինչ խորհրդարանը կը քննարկէ փոփոխութիւնները, ըստ թերթին, զինուորներն ու անոնց ընտանիքները համալրում կը պահանջեն։
Մինչդեռ, ըստ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի, մարտերու ընթացքին մօտ 31,000 զինուոր սպանուած է, իսկ ռազմական վերլուծաբաններու գնահատմամբ՝ ընդհանուր թիւը շատ աւելին է։
Նաեւ վիրաւորուած են տասնեակ հազարաւոր զինուորներ, որոնցմէ շատերը այլեւս չեն կրնար կռուիլ, իսկ մնացածները հիւծուած են եւ չունին հրետանային արկեր, իսկ ԱՄՆ-էն եւ «Հաւաքական Արեւմուտք»էն ռազմական առաքումները կը յետաձգուին: