Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի Չինաստան կատարած մէկշաբաթեայ այցի ընթացքին Վրաստանի եւ Չինաստանի ղեկավարները պայմանաւորուած են «երկկողմ յարաբերութիւնները հասցնել ռազմավարական գործընկերութեան»։
Իրաքլի Ղարիպաշվիլին պաշտօնական այցով Չինաստան էր՝ մասնակցելու Համալսարանական մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերացիայի համաշխարհային ուսանողական ամառնային 31-րդ խաղերուն։ Վրացական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ համաձայնագրի մասին նախապէս չէ հաղորդուած։
Վրաստանի իշխանութիւններու քննադատները նախազգուշացուցած են, որ Չինաստանի հետ համաձայնագիրը կրնայ վտանգել Արեւմուտքի հետ երկրի յարաբերութիւնները:
Յուլիս 28-ին Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ հանդիպումէն ետք երկու առաջնորդները երկուշաբթի համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, որուն մէջ ուրուագծած են քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ միջազգային համագործակցութեան ոլորտները:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Վրաստանը կ'աջակցի Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան շարք մը նախաձեռնութիւններու, ներառեալ՝ «Համաշխարհային քաղաքակրթութեան նախաձեռնութեան», «Համաշխարհային զարգացման նախաձեռնութեան» եւ «Համաշխարհային անվտանգութեան նախաձեռնութեան»:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Վրաստանը կ'աջակցի չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» տնտեսական նախաձեռնութեան, որու վերաբերեալ երկու առաջնորդները առանձին համաձայնագիր ստորագրած են։
Յուլիս 31-ին Փեքինի մէջ ելոյթ ունենալով Չինաստան-Վրաստան ձեռնարկութիւններու համագումարին՝ Ղարիպաշվիլին կարծես փորձած է չինական ներդրումներ ներգրաւել վրացական շարք մը ենթակառուցուածքային նախագիծերու մէջ, այդ շարքին՝ Անագլիայի խորճրիա նաւահանգիստի խնդրայարոյց նախագիծին։
Չինաստանի ղեկավարը, ակնյայտօրէն Արեւմուտքին ուղղուած խայթող դիտողութիւն ընելով, յուլիս 28-ին ըսած էր, որ «անկախ միջազգային ասպարէզի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներէն՝ Չինաստանի վերաբերմունքը չի փոխուիր Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով»: