Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի տեսաուղերձով ըսած է, որ հրաժարական պիտի չտայ եւ պիտի շարունակէ այցերը եւրոպական երկիրներ՝ չնայած երկրի իշխող կուսակցութեան նախաձեռնութեան` իրեն նկատմամբ իմփիչմընթ (անվստահութիւն) յայտարարելուն Եւրոպական Միութիւն չհամակարգուած այցերու պատճառով: Այս մասին գրած է gazeta.ru:
«Ես ոչ մէկ տեղ պիտի երթամ, կը կարծեմ՝ բոլորը պէտք է դադրին երազելէ իմ հրաժարականին մասին։ Ես այստեղ եմ, ուր կամ, բայց կ'երթամ ուր որ պէտք է, քանի որ այդ իմ բարձրագոյն սահմանադրական պարտականութիւնն է»,- ըսած է ան:
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի իմփիչմենթի ենթարկուած է եւրոպական շրջագայութեան պատճառով, որ ան իրականացուցած է առանց կառավարութեան թոյլտուութեան:
Իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը մտադիր է ստորագրութիւններ հաւաքել, որոնք անհրաժեշտ են Սահմանադրական դատարան դիմելու համար։ Վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի պաշտպանած է այս որոշումը եւ ընդգծած, որ Զուրապիշվիլի կորսնցուցած է վստահութիւնը։
Ընդ որում, ընդդիմադիր պատգամաւոր Խատիա Տեքանոիձէն կը կարծէ, որ Վրաստանի իշխանութիւնները դժուար թէ կարողանան իմփիչմընթի ենթարկել երկրի նախագահը՝ առանց անհրաժեշտ թիւով ձայներ հաւաքելու։