Երէկ, Վրաստանի մէջ կայացած ընտրութիւններէն ետք, մինչ հրապարակումը մասնակցութեան վերաբերեալ վերջնական ցուցանիշին, արդէն քանի մը կազմակերպութիւն յայտարարած է քուէարկութեան տուեալները:
Ըստ «Ֆորմուլա» հեռատեսիլային ալիքի տուեալներուն, ընդդիմութիւնն ընդհանուր առմամբ հաւաքած է ձայներու մեծամասնութիւնը։
«Վրացական երազանք»-ի օգտին քուէարկած է 40.9 տոկոսը։ «Միասնական ազգային շարժման» օգտին քուէարկած է 16.7 տոկոսը։
«Մթավարի Արխի» ընդդիմադիր հեռուստաընկերութեան կատարած քուրէարկողներու վիճակագրականի արդիւնքներով «Վրացական երազանքը» ստացած է ձայներու 42 տոկոսը, ընդդիմութիւնը՝ 48 տոկոսը։
«Իմէտի» հեռուստաընկերութեան վիճակագրականի արդիւնքներու համաձայն, իշխող կուսակցութիւնը՝ «Վրացական երազանք»-ը ստացած է 56,1 տոկոս։
Յիշեցնենք, որ երէկ, Վրաստանի մէջ ընտրողները խորհրդարանի 150 պատգամաւոր ընտրած են ։ Մանտաթները պիտի բաժնուին այն ուժերուն միջեւ, որոնք կը յաղթահարեն 5 տոկոսի շեմը։