image
Հրատապ լուրեր:

«3+3»ի յաջորդ ժողովը Թուրքիո՞յ մէջ

«3+3»ի յաջորդ  ժողովը Թուրքիո՞յ մէջ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կը հաւատայ, որ Վրաստանը պիտի մասնակցի «3+3»-ի յաջորդ հանդիպման։ Այս մասին ան յայտարարած Է Իսլամապատի մէջ, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի Աֆղանիստանի մէջ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ արտահերթ նիստէն յետոյ։

Վրաստանը Դեկտեմբեր 10-ին Մոսկուայի մէջ կայացած «3+3» ձեւաչափով փոխնախարարներու մակարդակով հանդիպման չէր մասնակցած, յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի կայացնել Թուրքիոյ մէջ:

«Վրաստանը չմասնակցեցաւ, բայց մենք կը նախատեսենք յաջորդ հանդիպումը կաացնել Թուրքիոյ մէջ եւ կը հաւատանք, որ Վրաստանը եւս կը մասնակցի այդ հանդիպման», նշած է Չավուշօղլուն: