Վրաստանի մէջ շտապօգնութեան բժիշկներու հետ միասին քաղաքացիներուն շտապ բժշկական օգնութիւն պիտի ցուցաբերեն շարժակաւոր հեծելանիւով (մոթորսիքլեթ) բուժաշխատողները: Վրաստանի արտակարգ իրավիճակներու համակարգման եւ շտապ օգնութեան կեդրոնը յայտարարած է նոր ծրագրի մեկնարկի մասին, գրած է sputnik-georgia.ru-ն:
«Մենք ուսումնասիրած ենք աշխարհի առաջատար երկիրներու փորձը, տեղեկատուութիւն փոխանակած ենք եւ ելլելով անկէ, որ հանգստավայրերու մէջ ամէն տարի հանգստացողներու թիւը կ'աճի, շարժակաւոր հեծելանիւով տեղաշարժող բուժաշխատողներու ներդրումը շատ յաջող պիտի ըլլայ», -ըսած է կեդրոնի տնօրէն Ալեքսանտր Քալանտիան
Ինչպէս բացատրած է Քալանտիան, ծառայութիւնը պիտի գործէ առողջարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ խոշոր քաղաքներուն մէջ, ուր խցանումներու պատճառով շտապօգնութեան մեքենաներու երթեւեկութիւնը յաճախ կը դժուարանայ: Մասնաւորապէս, շարժակաւոր հեծելանիւով բուժաշխատողները պիտի մեկնին պատահարի վայր: Շարժակաւոր հեծելանիւով աշխատանքի հիմնական առաւելութիւնը արագ արձագանգն է: Դէպքի վայր ժամանելով՝ մասնագէտը կը գնահատէ հիւանդի վիճակը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կը խնդրէ ուժեղացում: Քալանտիան նշած է, որ այս ծառայութիւնը յաջողութեամբ կը կիրառուի Մեծ Բրիտանիոյ, Իսրայէլի, Իտալիոյ մէջ:
Կեդրոնն արդէն վերապատրաստած է 105 բուժաշխատող՝ նոր ծառայութիւնը գործարկելու համար: Առաջիկային անոնց համար ձեռք պիտի բերուի 35-40 շարժակաւոր հեծելանիւ: