Հակառակ տիրող ցաւագին վիճակներուն հայ ժողովուրդը պէտք է սթափէր եւ զարկ տար գիտակրթական, մշակութային եւ մարմնամարզական կեանքին եւ Վարդան Նազիրեանի անմիջական ջանքերով եւ հովանաւորութեամբ 2022-ին լոյս տեսաւ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմաւորումն ու գործունէութիւնը 1915-1951թթ Փաստաթուղթերու ժողովածու» գիրքը:
Այս գործին օժանդակելու, Հայրենիքին համար բազմաթիւ բարեգործութիւններուն, Արցախի ու արցախահայութեան մշտական բարեկամը ըլլալու, 44- օրեայ պատերազմէն յետոյ առաջինը արցախահայութեան խնդիրներուն արձագանագելու եւ երկու բազմաբնակարան շէնք նուիրելու համար ան պարգեւատրուած է ՌԱԿ-ի բարձրագոյն պարգեւով՝ «Կուսակցութեան նուիրեալ» ոսկեայ շքանշանով:
Վերջապէս, Վարդան Նազիրեան ինչպէս երէկ եւ այսօր, անպատճառ վաղն ալ պիտի աշխատի հայրենիքի հզօրացումին, անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ տնտեսութեան զարգացման համար:
Նիւթը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Վարդան Նազիրեանի անունին ծանօթ են մեր ընթերցողներէն շատերը: Ամերիկահայ բարերարը երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղի ազգային գործերով, եւ վերջին ժամանակներուն ան ընտրուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ:
Նշենք, որ Վարդան Նազիրեան ծնունդով Երուսաղէմէն է եւ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած Միացեալ Նահանգներ: Ան մաս կը կազմէ նաեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ տարբեր փուլերու նոյնպէս ստանձնած է ղեկավար պաշտօններ կուսակցութեան շարքերէն ներս:
Յաճախած է Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի նախակրթարանը ապա շարունակած ուսումը Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնէն ներս։ Փոխադրուելով Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճըլըս քաղաքը այնտեղ աւարտած է ելեկտրական երկրաչափական ճիւղը: 1981-ին հիմնած է իր շինարարական ընկերութիւնը, որ առ այսօր կը զբաղի դպրոցներու կառուցմամբ:
Վարդան Նազիրեան ուժեղ, միասնական եւ հզօր Հայաստան մը տեսնելու ջատագովն է: Գիտնալով որ ապագան երիտասարդներն են, ան մասնակից դարձած է Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ երիտասարդական կեդրոններու հիմնադրման:
2017-ին բարերար Վարդան Նազիրեանի հովանաւորութեամբ՝ սահմնամերձ Վարդենիս քաղաքի մէջ հիմնադրուած է «Անդրանիկ» ֆութպոլային ակումբը, ուր նեկայիս կը մարզուին աւելի քան 300 երիտասարդներ ու պատանիներ:
2023-ին Հայաստանի ֆութպոլի արհմիութեան եւ «Անդրանիկ» ֆութպոլային ակումբի համագործակցութեամբ եւ Վարդան Նազիրեանի հովանաւորութեամբ շահագործման յանձնուած է արհմիութեան նոր կեդրոններէն մին՝ Սեւանի ֆութպոլի դպրոցը:
2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ անձնական մեծ աւանդի բազմամեայ նուիրումի համար Նազիրեան Հայաստանի նախագահի կողմէն պարգեւատրուած է Երախտագիտութեան շքանշանով:
Վարդան Նազիրեան մշտապէս իր բարերարութիւններով օժանդակ ու մասնակից է եկեղեցական կեանքին: 2019-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Տ Գարեգին Բ.-ի կողմէ պարգեւատրուած է «Ս. Ներսէս Շնորհալի» Կաթողիկոսական ՇՇանշանով:
Որպէս մեծ հայ ան հայրենիք ըսելով կը հասկնայ նաեւ Արցախը: Վարդան Նազիրեան Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք մեծ նպատակներ ու ծրագիրներ ունէր, որոնք կեանքի կոչելու համար յաճախ այցելած էր Արցախ եւ հանդիպումներ ունեցած Արցախի իշխանութիւններուն հետ: Այդ տարիներուն ան ձեռնամուխ եղած է շարք մը բարեգործական ծրագիրներու հովանաւորութեան՝ ինչպէս Հադրութի շրջանային բժշկական միաւորման ծննդաբերական բաժանմունքի վերանորոգման: Ան իր ընկերներուն եւ գաղափարակիցներուն հետ, Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր համայնքին մէջ հիմնադրած է անասնաբուծական տոհմային համալիր: 2019-ին պարգեւատրուած է Արցախի նախագահի կողմէ Երախտագիտութիւն շքանշանով:
2020-ի պատերազմին, Վարդան Նազիրեանի նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ՝ Միջին Արեւելքի հանրայայտ լրատուական ծառայութիւններ ներկայացնող 15 -է աւելի լրագրողներ ժամանած են Հայաստան որպէսզի տարբեր լեզուներով լուսաբանեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ:
Պատերազմէն ետք Նազիրեան առաջիններէն էր, որ շտապած է Արցախ խոցոտուած արցախահայութեան ինչ որ չափով սատար կանգնելու համար: Հանդիպելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդէս եկած է բնակարանաշինութեան բարեգործական ծրագիրի անձնական նախաձեռնութեամբ: Արցախի Նախագահը գնահատելով բարերարին մատուցած բազմաբնոյթ ծառայութիւնները պարգեւատրած է «Վաչական Բարեպաշտ» շքանշանով:
Այդ օրերուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է «Աջակցենք Արցախին» ծրագիրը, որու յանձնախումբին մէջ ուրիշ շատ մը բարերարներու կողքին ընդգրկուած է նաեւ Վարդան Նազիրեան:
2023-ին երբ Արցախը ողբերգական ճակատագիր ունեցաւ, բռնի հայաթափուեցաւ, եւ արցախահայերը բռնեցին գաղթի ճամբան, Նազիրեան գլխաւորելով Արեւմտեան Թեմի պատուիրակութիւնը կրկին Հայաստան էր աջակցելու արցախահայերուն:
Հակառակ տիրող ցաւագին վիճակներուն հայ ժողովուրդը պէտք է սթափէր եւ զարկ տար գիտակրթական, մշակութային եւ մարմնամարզական կեանքին եւ Վարդան Նազիրեանի անմիջական ջանքերով եւ հովանաւորութեամբ 2022-ին լոյս տեսաւ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմաւորումն ու գործունէութիւնը 1915-1951թթ Փաստաթուղթերու ժողովածու» գիրքը:
Այս գործին օժանդակելու, Հայրենիքին համար բազմաթիւ բարեգործութիւններուն, Արցախի ու արցախահայութեան մշտական բարեկամը ըլլալու, 44- օրեայ պատերազմէն յետոյ առաջինը արցախահայութեան խնդիրներուն արձագանագելու եւ երկու բազմաբնակարան շէնք նուիրելու համար ան պարգեւատրուած է ՌԱԿ-ի բարձրագոյն պարգեւով՝ «Կուսակցութեան նուիրեալ» ոսկեայ շքանշանով:
Վերջապէս, Վարդան Նազիրեան ինչպէս երէկ եւ այսօր, անպատճառ վաղն ալ պիտի աշխատի հայրենիքի հզօրացումին, անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ տնտեսութեան զարգացման համար:
Մանամասնութիւնները տեսանիւթով: